Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/711

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Եսայեանի կողմէ Մերսինէն Յանիս 1 թուականով Ազգ. Պատուիրակութեան Վսեմ. Նախագահին ուղղուած նամակ մը, որան մէջ մասնաւորաբար ծանուցանելով, որ եթէ դաշնագրին հիման վրայ Կիլիկիա Թուրքիոյ թողուի եւ թուրք վարչութիւնը վերահաստատուի, իրեն համար այլեա անկարելի պիտի ըլլայ իր պաշտօնին շարունակութիւնը, կը խնդրէ Ազգ. Պատ.-թենէն, որ այն պարագային՝ իրեն տեղ՝ թարք պաշտօնատարներա հետ յարաբերութեան մէջ մնալու կարող անձ մը նշանակէ:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար ժողովին հաղորդեց հետեւեալ հեռագիրը, զոր առտուն, ստացած էր Փարիզի հելլէն դեսպանատան միջոցաւ: Հեռագիրը Պատուիրակութեան ուղղուած էր Հանրապետութեան Պոլսոյ դիւանագիտական ներկայացուցիչ Տիար Թահթաճեանի կողմէ, եւ խմբագրուած էր Տիկին ԶապԷլ Եսայեանի տուած տեղեկութեանց վրայ.

Կ. Պոլիս, 14/27 Յունիս 1920.

Կուղղենք հետեւեալ հեռագիրը /խնդրելով որ/ Հելլէն դեսպանատուն, Փարիզ Ձեզի հետ Պատուիրակութեան /հաղորդէք/:

Տիկին Եսայեանի խնդրանքով կը հաղորդեմ հետեւեալը: Կը հաստատեմ նամակները ել հեռադիրները: Տամատեան ղրկեց տեղեկագիրները եւ վաւերաթուղթեր: Կացութիւեը հրատապ: Կիլիկիա գրաւուած քեմալիստներու կողմէ: Բոլոր դիրքերը առնուած կամ պարպուած են: Քրիստոնեայ ժողովուրդները Եւ ֆրանսական ոյժերը կեդրոնացած են դաշտի երեք քաղաքներու մէջ[1]: Մերսին յարձակման ենթարկուեցաւ, թշնամին ետ մղուեցաւ զրահաւորներու կրակով: Թարսուսի Ամերիկեան Միսիոնին պետը առեւանգուեցաւ իր կնոջ հետ: Կատարեալ համաձայնութիւն ֆրանսացւոց եւ հայոց միջել Ամանոսի շրջանակին մէջ, որ միշտ պաշտպանողականի վրայ է: Հայկական ոյժերը յաջողութեամբ կը դիմագրաւեն կացութեան: Ատանայի մօտերը կռիւ տեղի կ՚ունենայ: Քրիստոնեասերը վրդովուած Են Գերագոյն Խորհուրդին կողմէ պարպելու մասին տրուած որոշումէն: Անկարելի է համաձայնութեան գետին մը գտնել հայոց եւ թուրքերում միջեւ: Փարիզէն լուր եւ հրահանգ չունենալով՝ դէպքերը յանկարծակիի բերին մեզ:

Հայ ժողովուրդին տրամադրութիւնները կռուելու կողմն են, բնաւ երբեք համաձայնութեան գալու կողմը: Նախորդ ծանր դէպքերու հետեւանքով ո՛չ մէկ յոյս, ո՛չ մէկ վստահութիւն կայ քեմալիստներու մասին: Անել կացութիւն եթէ զինուորական օգնաթեան չապահովուի: Անկարելի է ուրիշ միջոցով երաշխաւորել ապահովութիւնը: Դաշնագրին գործադրութիւնը անհնար է՝ առանց երրորդ տարրին՛ հայոց հետ համաձայնութեան: Կացութեան տէր չենք: Հայերը պատրաստ են յուսահատական որոշման մը դիմելու, եթէ անմիջական միջամտութիւն չըլլայ: Թահթաճեան հեռագրած էր արդէն Լառնաքայի օգնութեան կոչը: Յանկարծակիի եկած եմ ել ընկճուած տիրէքթիւներէ ու հրահանգներէ զուրկ ըլլալուս: Շատ մեծ պատասխանատուութիւն մը կը ծանրանայ ամէնուս ալ վրայ: Խնդրած էի Տամատեանէն, որ մեզի տեղեկացնէ անցուդարձը: Անհամբերությամբ ձեր հեռագիրներուն կը սպասէր Կիլիկիա հաղորդելու համար: Կիլիկիոյ մասնաւոր Պատուիրակութիւնը կը ներկայացնէ նաեւ յոյն հասարակութիւնը: Շատ օգտակար պիտի ըլլար, եթէ դիմէինք նաեւ Պ. Վէնիզելոսի: Թահթաճեան»:

Տիար Զ. Պզտիկեան. Երէկ տեսակցութիւն մը ունեցանք գնդապետ Նորմանի հետ որ, ինչպէս ծանօթ է ձեզի, Կիլիկիայէն կոլ գայ եւ մօտէն տեղեակ է այնտեղի անցոլդարձերուն: Մեր տեսակցութեան ընթացքին յայտնի եղաւ, թէ Արտաքին Գործոց Նախարարոլթեան մէջ այս միջոցիս տիրապետող կարծիքը սա է, որ պիտի ստիպուին պարպել Ստանան: Ֆրանս, կառավարութիւնը ոյժերու կեդրոնացում մը անհրաժեշտ կը դատէ, եւ այդ կեդրոնացումը պիտի ըլլայ Սուրիոյ մէջ: Ըսի իրեն, թէ ֆրանսական

  1. Մերսին. Թարսուս, Ստանա /վերջին առնուած տեղեկութեանց համեմատ/: Շան ընդօրինակողի: