Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/714

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ֆիզիկական գոյութիւնը պահպանելու համար: Այս դիմումը միեւնոյն ատեն կրնար ըլլալ նաեւ Վատիկեանի մօտ, որ կառավարութեան յենակէտներէն մէկը եղող ժողովրդական Կուսակցութեան հետ ունեցած սերտ յարաբերութեանց շնորհիւ կրնայ օժանդակել այս գործին, բացի իր կատարելիք ուղղակի միջամտութենէն:

Տիար Որբերեան. Վեհ. Կաթողիկոսն ալ արղեօք չի՞ կրնար Հռոմէն անցնելով դիմել Ս. Պապին:

Վեհ. Տ. Սահակ Կաթողիկոս. Դժուարութիւններ կան ճամբաս փոխելու համար: Արղէն Թէրզեան Կաթողիկոս եւ Նազլեան Գերապայծառ Հռոմ են եւ աւելի օգտակարապէս կաշխատին հոն: Ես, ընդհակառակը, կաճապարեմ Զօրավար Կուրոյի մօտ երթալու, որովհետեւ խնղրին բանալին, ինչպէս Գնդապետ Նորման յայտնեց, անոր մօտն է: Եգիպտոսէն անցած միջոցիս ալ պիտի տեսնեմ Մարաջախտ Ալէնպին, եւ կը յուսամ, որ բոլորովին ապարդիւն չի մնար անոր մօտ կատարելիք դիմումս, քանի որ ծանօթ են իւր բարեացակամ տրամադրութիւնները հայ ազգին նկատմամբ:

Տիար Վահան Թէքէեան առաջարկեց, որ ինչպէս Սուլթան Համիտի օրով' քաղաքական տեսակէտներէ անկախ դիմումներ կ՛ըլլային Եւրոպայի հանրային կարծիքին, եւրոպական խորհրդարաններու անդամներուն, հայ ժողովուրդին պաշտպանութեան համար, նոյնիմաստ դիմումներ ըլլան նաեւ, ի հարկին լոկ Վեհ. Կաթողիկոսին կողմէ, Ծերակոյտի եւ Երեսփ. ժողովի անդամներուն մօտ, հիմնուելով այն սպառնալիքներուն վրայ, զորս Գերագոյն Խորհուրդը ըրած էր Թուրքիոյ՝ նոր անկարգութիւններ ծագելու պարագային դաշնագրին տրամադրութիւնները պիտի խորացուին ըսելով:

Տիար Տէրպէտէրեան. Ինչո՞ւ լոկ խորհրդարանի անդամներուն դիմում ըլլայ եւ ոչ խորհրդարաններուն:

Տիար Թէքէեան. Որովհետեւ ֆրանսացիներուն իրաւունքն է միայն դիմում ընել խորհրդարանին:

Տիար Տէր-Ստեփանեան ցաւ յայտնեց, որ մինչեւ այսօր, թէ՛ ծերակուտականներու եւ թէ՛ Երեսփ. ժողովի անդամներուն մօտ պէտք եղածին պէս տարածուն կերպով մը դիմումներ չեն եղած:

Առաջարկուեցաւ մասնաւոր յանձնաժողով մը կազմել Կիլիկիոյ հարցերով զբաղելու համար:

Տիար Թէրզիպաշեան պաշտպանեց այս առաջարկը, ըսելով, որ պէտք էր Համագումարը իւր մէջէն երեք անդամներ ընտրելով կազմէ այդ յանձնաժողովը, որ Պատուիրակութեան պիտի աշխատակցի խորհրդակցական հանգամանքով: Այդ առթիւ յիշատակեց Ամանոսի հայ հանրապետութեան հաստատութեան մասին տարածուած զրոյցը եւ ըսաւ, որ եթէ այս լուրը ստուգուի, կարելի է դիմել ֆրանս. կառավարութեան, եւ անոր առաջարկին ամեն գործակցութիւն Կիլիկիոյ մէջ հետապնդած իր տնտեսական նպատակներուն յաջողութեան համար, պայմանաւ, որ Կիլիկիոյ մէջ նախապատուութիւն տայ հայ տարրին:

Տիար Վահան Թէքէեան. Ամանոսի հանրապետութեան մասին Տիար Չօպանեան դիմում ըրաւ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մօտ, պատասխանեցին թէ լուր չունին: Եթէ այնտեղ հայերուն եւ ֆոանսացտց միջեւ հասկացողութիւն մը գոյացած ըլլար, ֆրանսացիք իրենք պիտի փութային հայոց հետ համաձայնութեան մը գալ:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Եթէ Համագումարը տեւէր՝ բնականաբար յանձնաժողով մը կընտրէր այս խնդրով զբաղելու համար: Բայց Համագումարը հազիւ 1-2 նիստ ալ գումարելէ ետք՛ պիտի ցրուի եւ բոլոր առկախ գործերը պիտի անցնին Պատուիրակութեան: Մենք խորհող մարմինն ենք. գործադիր մարմնէն կ՚ելնայ մեր որոշումները գործադրել: Վիճաբանութեան ընթացքին պէտք տեսնուեցան նոր դիմումներու՝ ո՛չ միայն ֆրանսական, այլ նաեւ ուրիշ Դաշնակից եւ չէզոք