Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/715

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

պետութեանց մօտ: Պէտք տեսնուեցաւ նաեւ խորհրդարանի անդամներու մօտ ալ դիմումներ կատարելու: ԹԷ՛ այս դիմումներուն եւ թէ՛ մասնատր յանծնաժոդովի մը կազմութեան մասին յանձնարարութիւն կ՛ընենք Պատուիրակութեան:

Տիար Վ. Թէքէեան. Համագումարը եթէ պիտի ցրուի, կրնայ գոնէ ընտրել իր անդամներէն երեք հոգի, որոնք Փարիզ պիտի մնան: Այս երեք հոգին կը կազմեն Կիլիկիոյ յանձնաժողովը՝ եւ անոնց պաշտօնավարութեան տետղութիւնն ալ չորոշուիր առաջուց: Պատուիրակութիւնը կ՚իւրացնէ այդ յանձնաժողովը, որ խորհրդակցական աշխատութեամբ մը կը կապուի իրեն:

Համագումարը անհետեւանք թողաց Կիլիկիոյ համար մասնաւոր յանձնաժողով մը ստեղծելու առաջարկութիւնը:


Օրակարգ

1. Վերակազմութիւն Ազգ. Պատուիրակութեան

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան քիչ մը անհանգիստ զգալով ինքզինքը, նախագահութիւնը վարեց դեր-նախագահ Տիար Գ. Սինապեան:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Ինծի առաջին պարտականութիւն կը նկատեմ շնորհակալութիւն յայտնել Համագումարի Դիւանին կողմէ ամէնուն անունով գրուած Յունիս 27 թուակիր նամակին համար: Խորապէս գգացուած եմ համակիր գնահատութեան այս նոր ցոյցին եւ երախտապարտ եմ ձեզի, որ ուզեցիք նկատի առնել իմ առողջական վիճակս: Համագումարիդ պնդումներում վրայ, խոստացած էի ոյժերուս ներած չափով տակաւին ժամանակ մըն ալ աշխատիլ, եթէ երբեք կարելի ըլլար կարգադրութիւն մը գտնել Պատուիրակութեան գօրացման համար, քանի որ, ինչպէս արդէն յայտնի է ժողովիդ, առողջական վիճակս չի թոյլատրեր ինծի այլեւս տալ ամբողջ կարելին, որ անհրաժեշտ է մեր դատին հետապնդութեան: Այս մասին որոշում մը տալէ առաջ' ուզեցի գիտնալ, թէ ի՜նչ պիտի ըլլան մեր յարաբերութիւնները Հանրապետութան Պատուիրակութեան հետ եւ թէ ի՞նչ պայմաններու մէջ պիտի կրնանք շարունակել մեր համերաշխ գործակցութիւնը, ինչպէս կ՛ըլլար անցեալին մէջ: Այս նպատակով՝ բագմաթիւ տեսակցութիւններ ունեցայ թէ՛ Տիար Ահարոնեանի եւ թէ՛ բարեկամներու հետ, եւ միասին խորհրդակցեցանք այն միջոցներում վրայ, որոնցմով կարելի պիտի ըլլար դրական եւ կատարեալ աշխատակցութիւն մը հաստատել: Ի վերջոյ համաձայնութեան հիմ մը գտանք եւ այդ համաձայնութեան պայմանները պարզուած են այն գիրին մէջ, որ պիտի կարդացուի հիմա Դիւանին կողմէ:

Կարդացուեցաւ Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպարի կողմէ Դիւանին յանձնուած հեւոեւեալ գրութիւնը.

«1. Երկու Պատուիրակութիւնները միասին պիտի քննեն ամեն խնդիր, եւ բոլոր խնդիրները պիտի ենթարկուին երկու միացեալ Պատուիրակութեանց. երկու Պատուիրակութիւններէն ո՜չ մէկը չպիտի կրնայ առանձին որոշում մը տալ:

Երկու Միացեալ Պատուիրակութեանց պիտի նախագահէ Ն. Վսեմութիւն Պօղոս Նուպար Փաշա եւ, իր բացակայութեան, Տիար Ահարոնեան:

«2. Ազգ. Պատուիրակութիւնը պիտի ունենայ չորս անդամ, երեքը՝ ոչ- Դաշնակցական Եւ մէկը Դաշնակցական:

«3. Ամեն ծանուցագիր եւ ամեն պաշտօնագիր, որոնք երկու կողմերուն յատուկ են ու կը հետաքրքրեն Միացեալ Հայաստանը, եւ որոնք պիտի ուղղուին պետութեանց ու Խաղաղութեան Վեհաժողովին, պիտի ստորագրուին՛ ինչպէս անցեալին մէջ' երկու Նախագահներուն կողմէ: Սակայն՝ Պ. Ահարոնեան մինակը պիտի ստորագրէ այն նամակները եւ պաշտօնագրերը, որոնք լոկ Հանրապետութեան կառավարութիւնը կը հետաքրքրեն, եւ Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար նոյնպէս մինակը պիտի ստորագրէ այն նամակները, որոնք պիտի ուղղուին Թոլրքիոյ բոլոր հայերուն պատրիարքական իշխանութեանց»: