Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/724

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ընտրութեան իրաւասութիւնն ալ չթողուի լոկ Փաշային, եւ ընտրութիւնը կատարուի ամբողջ Պատուիրակութեան կողմէ:

Տոքթ. Բարսեղեան. Այստեղ Փաշային առաջարկուեցաւ, որ ինք կատարէ Պատուիրակութեան անդամներուն ընտրութիւնը, բայց մերժեց, լաւագոյն սեպեց, որ քուէարկութեամբ կատարուի: Հետեւաբար' պէտք է ամբողջ Պատուիրակութեան թողուլ պակսած անդամի մը տեղ նորի մը ընտրութեան իրաւասութիւնը եւ ո՞չ թէ միայն իրեն, ինչ որ իր բաղձանքին ալ համաձայն պիտի ըլլար:

Տիար Սինապեան. Կրնայ ըլլալ, որ նոյն ինքն Փաշան, նկատի առնելով իր առողջական վիճակը, ստիպուի քաշոփլ: Պէտք է հիմակուց որոշուի, թէ ի՞նչ պէտք է ընել այդ պարագային: Տիար Հանըմեան. Պատուիրակութիւնը եթէ ինքզինքը պիտի կրնայ լրացնել, պէտք չէ, որ այդ իրատւնքը միայն մէկ անդամի տրոփ, այլ՜ ամբողջ Պատուիրակութեան տրուելու է: Քիչ մը առաջ առաջարկեցի, որ Փաշան նախագահ ընտրենք եւ անոր թողունք ամբողջ Պատ.-թիւնը ընտրելու հոգը, ժողովը մերժեց: Հիմա ինչպէ՞ս մինակ Փաշային կրնայ թողուլ պակսած անդամ մը ընտրելու իրաւասութիւնը: Ես կառաջարկեմ, որ Համագումարը, առ ի նախատեսութիւն, ընտրէ մէկ քանի փոխ-անդամներ, որոնք՝ երբ Պատոփրակութեանը անդամներ պակսին, առաւելագոյն քուէի կարգով կու գան պակսածներուն տեդը բռնելու:

Տիար Թէրզիպաշեան. Եթէ Պատուիրակութեան կազմութեան գործը Փաշային չթողուցինք, պատճառը սա էր, որ մերժեց: Ոեւէ մարմին իրատւնք ունի միշտ իր պակսած անդամներուն տեղ նորեր նշանակելու: Քանի որ ամէնքս ալ վստահութիւն ունինք Փաշային վրայ, եւ եթէ ինք արգելք չըլլար' առանց առարկութեան իրեն պիտի թողէինք Պատուիրակութեան կազմութիւնը, ուրեմն' կրնանք նոյն վստահութեամբ իրեն թողուլ նաեւ պակսած անդամի մը յաջորդին ընտրութիւնը:

Տիար Վահան Թէքէեան. Ես ալ կ՚առաջարկեմ, որ եթէ անդամ մը պակսի, Պատուիրակութեան միւս անդամները իրենց գործը շարունակեն առանց նոր մը ընտրելու:

Համագումարը որոշեց քուէի ենթարկել այս խնդրին նկատմամբ եղած հետեւեալչորս առաջարկութիւնները.

Ա. Առաջարկ Տիար Տէր-Ստեփանեանի.

«Եթէ յառաջիկային Պատուիրակութեան մէկ անդամը պակսի, Նախագահ Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպւսր յարմար անձ մը կ՚ընտրէ անոր տեղը»:

Բ. Առաջարկ Տիար Տոքթ. Նեւրուզի.

«Եթէ յառաջիկային Պատուիրակութեան մէկ անդամը պակսի, միւս անդամները յարմար անձ մը կ՛ընտրեն անոր տեղը»:

Գ. Առաջարկ Տիար Ա. Հանըմեանի.

«Համագումարը հիմակուց փոխ-անդամներ պէտք է ընտրէ, որոնք' առաւելագոյն քուէի կարգով պէտք է կոչուին Պատուիրակութեան պակսած մէկ անդամին յաջորդելու»:

Դ. Առաջարկ Տիար Վ. Թէքէեանի.

«Եթէ յառաջիկային Պատուիրակութեան մէկ անդամը պակսի, միւս անդամներն իրենց գործը կը շարունակեն՝ առանց պակսածին տեղ նոր անդամ մը ընտրելու»:

Քուէարկութեան ընթացքին Տիար Տոքթ. Նեւրուզ ետ առաւ իր առաջարկութիւնը: Նոյնպէս Տիար Հանըմեան ալ ետ առաւ իր առաջարկութիւնը, յայտնելով, թէ կը միանայ Տիար Վ. Թէքէեանի առաջարկութեան:

Քուէի դրուեցան Տիար Տէր-Ստեփանեանի եւ Տիար Թէքէեանի առաջարկութիւնները:

Տիար Տէր Սւոեփանեանի առաջարկութիւնը ստացաւ ութ քուէ:

Տիար Վահան Թէքէեանի առաջարկութիւնը ստացաւ եօթքուէ: