Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/723

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար Տոքթ. Նեւրուզ В
Տիար Սինապեան 8
Տիար Չօպանեան 6
Վսեմ. Նորատունկեան 1
Տիար Թէրգիպաշեան 1
Տիար ԹէքԷեան 1
Սպիտակ 3

Մեծամասնութեամբ ընտրուած հռչակուեցան՝ Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար, Տիար Լեւոն Մկրտչեան: Համեմատականի մնացին Տիարք Նեւրուզ եւ Սինապեան:

Համեմատական քուէարկութենէն առաջ՝ Դիւանին ներկայացուեցաւ հետեւեալ առաջարկութիւնը.

«Կառաջարկենք Պատուիրակութեան ընտրութիւնը նկատել կենսական հարց:

Տոքթ. Ա. Բարսեղեան
Ա. Հանըմեան
Տոքթ. Նեւրուզ
Մ. Տէրպէտէրեան

Նկատի առնելով, որ ըստ Ներքին Կանոնագրին 1Ց-րդ յօդուածին, այս տեսակ առաջարկութիւն մը պէտք է եօթ պատգամաւորներու ստորագրութիւնը կրէ, անհետեւանք թողուեցաւ այս առաջարկութիւնը:

Համեմատականի քուէարկութիւն կատարուելով, Տիարք Նեւրուզ եւ Սինապեան ընտրուեցան 10-ական քուէ ստանալով, որով Ազգ. Պատուիրակութիւնը կազմուեցաւ հետեւեալ կերպով.

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար
Տիար Լեւոն Մկրտչեան
Տոքթ. Նեւրուզ
Տիար Գ. Սինապեան

Պատգամաւորները շնորհատրեցին նորընտիր Պատուիրակութեան այն անդամները, որոնք ներկայ էին ժողովին:

Նորընտիր Պատուիրակութեան անդամ Տիար Գ. Սինապեան շնորհակալութիւն յայտնեց ժողովին կողմէ իր մասին եղած գնահատութեան ցոյցին համար եւ ըսաւ, թէ որքան ատեն, որ Փարիզ գտնուի, սիրով ու անծնուիրութեամբ պիտի մասնակցի Պատուիրակութեան աշխատութեւսնց. միայն թէ ինք Փարիզ չի բնակիր, կրնայ ըլլալ, որ ստիպուի մեկնիլ ժամանակ մը վերջ՝ Պատուիրակուեան գործը չլրացած: Հետեւաբար, առաջարկեց, որ Համագումարը, իր նիստերը դադրեցնելէ առաջ, նախատեսէ այս պարագան եւ հիմակուց որոշում մը խորհի ու քուէարկէ, որպէսզի յառաջիկային՝ բացակայութեան մը կամ հրաժարման մը պարագային Պատուիրակութիւնն իրաւասութիւն ունենայ պակսածին տեղ նոր անդամ մը ընտրելու:

Տիար Բրօֆ. Թումայեան. Ես ալ համամիտ եմ այս առաջարկին:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Համամիտ եմ նոյնպէս, սա պայմանաւ, որ պակսած անդամներու տեղ նորերու ընտրութեան իրաւասութիւնը թողունք Փաշային, քանի որ արդէն ամբողջ այս խնդրին մէջ մեր կամքն ու իրաւասութիւնները ենթարկեցինք անոր:

Տիար Պզտիկեան. Կը ձայնակցին:

Տիար Նեւրուզ. Չէք մտածեր, թէ ատանկ պարագայի մը՝ Պատուիրակութեան միլս անդամները պիտի ուզե՞ն, որ Փաշան մինակը կատարէ ընտրութիւնը: Տրամաբանական պիտի ըլլար այս տեսակ որոշում մը' եթէ երբեք Համագումարը ընդունած ըլլար Տիար Հանըմեանի այն առաջարկութիւնը, որով պահ մը առաջ կը յանձնարարէր միայն նախագահ մը ընտրել եւ անոր թողուլ ամբողջ Պատուիրակութիւնը ընտրելու գործը: Քանի որ այս առաջարկութիւնը մերժուեցաւ եւ ընտրութիւն կատարուեցաւ, պէտք է, որ յառաջիկային պակսած անդամի մը