Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/726

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Կարդացուեցան եւ վաւերացուեցան Յունիս 30-ի եւ Ցուփս 3-ի նիստերուն ատենագրութիւնները:

Հարցում Տիար Վահան Թէքէեանի /տես վերջը/՝ «մանտա»յի խնդրին նկատմամբ Ամերիկայի մէջ եղած յայտարարութեան մասին: Որոշուեցաւ այս խնդիրը օրակարգ անցընել եւ առանց վիճաբանութեան լսել ու արձանագրել Պատուիրակութեան բացատրութիւնները:


Օրակարգ

1. Վերակազմութիւն Ազգ. Պատոփրակութեան

Կարդացուեցաւ Տիրէքթիւներու Սահմանման Յանձնաժողովին 9-րդ առաջարկութիւնը, որ կը վերաբերէր Միացեալ կառավարութեան խնդրին, առաջարկութիւն՝ որու մասին երեք տարբեր կարծիք յայտնուած էր

Յանձնաժողովի անդամներում կողմէ եւ որուն նկատառումը թողուած էր վերջին: Յանձնաժողովի անդամներէն Տիարք Թէրզիպաշեան եւ Տէր-Ստեփանեան կարծիք յայտնած էին, թէ Պատուիրակութիւնը պէտք է դիմէ Երեւանի կառավարութեան, առաջարկելով անոր՛ միացումը կատարել դաշնագրին ստորագրութենէն անմիջապէս վերջ, եւ եթէ դաշնագիրը նուազագոյն գոհացում մը տայ արեւմտահայոց, միացման համար հիմ ընդունիլ Պ. Խատիսեանի կողմէ եղած առաջարկութիւնները: Մերժումի պարագային՝ Տիարք Թէրզիպաշեան եւ Տէր- Ստեփանեան կարծիք յայտնած էին, որ Ազգ. Պատուիրակութիւնը պէտք է շուրջ 50 անդամէ բաղկացած արեւմտահայ համագումարի մը ընտրութեան ձեռնարկէ, զայն գումարելով Երեւան եւ անոր յանձնելով միացման եւ ուրիշ արեւմտահայ հարցերը: Այս համագումարը համաձայնութեան պարագային պիտի կրնար ինքգինքը արեւմտահայ խորհրդարան նկատել, եւ ձուլուելով Երեւանի խորհրդարանին հետ՝ կազմել Միացեալ խորհրդարան:

Յանձնաժողովի անդամներէն Տիար Գ. Սինապեան կարծիք յայտնած էր, որ Համագումարը այս մասին ալ ոեւէ որոշում չառնելով՝ պէտք է միայն դրութիւնը հաղորդէ իր մէջ ներկայացուցիչ ունեցող ամեն մարմիններում, անոնց թողլով ոեւէ որոշում:

Դարձեալ Յանձնաժողովի անդամներէն Տիար Բարսեղեան կարծիք յայտնած էր, որ Ազգ. Պատուիրակութիւնը պէտք է անմիջապէս առաջարկէ Երեւանի կառավարութեան՝ միացումը գոյացնել Պ. Խատիսեանի նամակին խորհրդարանի ու կառավարութեան վերաբերող մասերու հիման վրայ: Գալով Պատուիրակութեանց հարցին, Տիար Բարսեղեան կարծիք յայտնած էր, որ Համագումարը պէտք է ընտրէ չորս անձնաւորութիւններ, որոնցմէ երկուքը՝ Երեւանի կառավարութեան կողմէ պիտի նշանակուին Պատուիրակութեան անդամ, եւ այսպիսով պիտի կազմուի Միացեալ Պատուիրակութիւնը:

Վիճաբանութիւն ձեռնարկելով՝ խօսք առաւ

Տիար Բարսեղեան. Կը կարծեմ, թէ պէտք է իմ ամբողջ առաջարկութիւնս վերցնել այլեւս: Ինչպէս արդէն ըսի քամիցս, անոր ամբողջութիւնը միայն կարեւորութիւն ունի: Եթէ իբր ամբողջութիւն ընդունուի՝ կը հաւանիմ, որ քուէի դրուի: Մասնակի քուէարկուելու կը հակառակին: Ես անմիջապէս միացման միջոց մը ցոյց տուած էի երկու Պատուիրակութեանց համար: Քանի որ ատիկա եղաւ, կարծեմ, թէ այլեւս պէտք չի մնար այս առաջարկութեան:

Տիար Թէրզիպաշեան. Այս դիտողութիւնը կարելի է ընել առաջարկութեան երկրորդ կէտին' Պատուիրակութեանց միացման մասին, բայց առաջին կէտը՝ Միացեալ կառավարութեան հարցը կը մնայ: