Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/727

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տոքթ. Բարսեղեան. Կը կրկնեմ, որ իմ առաջարկութեանս ամբողջութիւնը միայն կարեարութիւն ունէր իմ աչքիս:

Տիար ԹԷքԷեան. Ուրեմն, ինչպէ՞ս պէտք է լուծուին Միացեալ կառավարութեան ու խորհրդարանի հարցերը:

Տոքթ. Բարսեդեան. Միացման մասին կարծիք չունիմ: Կեանքը կորոշէ ինչ որ պէտք է ըլլայ այդ ուղղաթեամր:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Մեզի համար լաւագոյն է անշուշտ, որ Տիար Բարսեղեան ետ առնէ իր առաջարկութիւնը. բայց չեմ հասկնար, թէ ի՞նչ պէտք կայ ատոր, քանի որ իր ուզածին պէս ալ եղաւ: Ինք առաջարկած էր, որ չորս անձեր նշանակուին եւ Երեւանի կառավարութիւնը անոնցմէ երկուքը անդամ անուանէ Միացեալ Պատուիրակութեան: Այդպէս ալ՝ չորս անձեր նշանակուեցան: Թող Երեւանի կառավարութիւնը երկու հոգի ընտրէ ատոնցմէ եւ խնդիրը կը վերջանայ:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Քանի մը դիտողութիւններ պիտի ընեմ Տիարք Թէրզիպաշեանի եւ Տէր-Սւոեփանեանի առաջարկութեան մասին: Նախ՝ չափազանց խնդրական բան մըն է հայկական պահանջներու «նուազագոյն» չափով մը գոհացում գտնելու նախատեսութիւնը, որ եղած է այդ առաջարկութեան մէջ, քանի որ կարելի չէ դրապէս ըսել, թէ ուր կը սկւփ այդ «նուազագոյն գոհացում»ը եւ ուր կը վերջանայ: Միացման խնդրին համար ալ դիտել կու տայ, որ Ազգ. Պատուիրակութեան կողմէ ոեւէ նոր փորձ կատարելու հնարաւորութիւն չկայ, քանի որ յայտնի է, թէ այդ մասին ի՞նչ ընթացք ցոյց տրուեցաւ Հւսնր. կառավարութեան կողմէ: Կառավարութիւնը ո՜չ իսկ պատասխանեց մեր այն հեռագրին, որով կը յայտնէինք, թէ կ՚ընունինք Տիար Խատիսեանի կողմէ յանուն կառավարութեան եղած փոխ-առաջարկները: Հիմա ի՞նչ ըսելով նորէն դիմում պիտի ընենք: Անշուշտ նախաձեռնութիւնլք պէտք է ուղղակի կառավարութենէն գայ, որպէսզի կարելի ըլլայ վերստին բանակցութեան մտնել: Հաւանական է, որ Տիար Խատիսեան քիչ ատենէ Փարիզ հասնի եւ ուղղակի խօսինք իրեն հետ այս խնդրին նկատմամբ:

Բրօֆ. Թումայեան. Չէ՞ք կարծեր, որ Տիար Խատիսեանի ժամանումը առնչութիւն ունենայ այս խնդրին հետ:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Ապահով չեմ, գոնէ բան մը չէ ըսուած մեզի այդ տեսակ ապահովութիւն մը ներշնչող:

Տիար Տէրպէտէրեան. Անշուշտ այս մասին ալ հրահանգ պէտք է ունենայ, քանի որ ինք էր խնդրին ձեռնարկողը:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Ամեն պարագային մէջ, երբ Փարիզ հասնի, կը խորհրդակցինք իրեն հետ, տեսնելու համար, թէ բան մը կա՞յ ընելիք դիտողութիւն մը նաեւ առաջարկութեան մէջ գործածուած «դաշնագրին ստորագրութենէն ետք» բացատրութեւսն մասին: Այդ բացատրութիւնը չի համապատասխաներ այսօրոււսն կացութեան, նկատելով, որ դաշնագրին ստորագրութեամբ յայտնի չպիտի ըլլայ հայկական պահանջներու ինչ չափով գոհացում գտած ըլլալը: Որովհետեւ, թէեւ դաշնագիրը այն տպաւորոլթիւնը կը թողոլր, թէ նախագահ Ուիլսոնի իրաւարարութիւնը տեղի պիտի ունենայ ստորագրութենէն առաջ, բայց այսօր այլեւս տարակոյս չկայ, թէ այղ իրաւարարութիւնը պիտի կատարուի ստորագրութենէն վերջ միայն, հետեւաբար՛ լաւագոյն պիտի ըլլար նախատեսուած կարգադրութիւնները թողուլ իրաւարարութեան կատարումէն ետք, երբ այլեւս պիտի յայտնուի, թէ ի՞նչ համեմատութեամբ գոհացում գտած են մեր պահանջները Ամբողջական, Միացեալ Հայաստանի մասին: Կարծեմ՝ նկատի առնելով այսօրուան դրոլթիւնը՝ տրամաբանականն ալ աս է այդ խնդրին նկատմամբ եղած բոլոր առաջարկութեանց մէջ:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Մեր առաջարկութիւնը հիմ մըն է, կը բաւէ որ սկզբունքը ընդունուի ել հիմը դրուի՝ անկէ անդին՝ Պատուիրակութեան կը մնայ