Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/777

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

գիտեմ, եւ փորձով տեսայ, թէ կարգ մը պահերու մէջ չւսվւազանց ծանր է Պատոփրակութեան Նախագահի պաշտօնը: Սակայն, կը յուսամ, թէ այս անգամ այլեւս մօտն ենք ելքին: Եթէ թուրքերը ստորագրեն մինչեւ քանի մը օր, այն ատեն մեծ աշխատութեան հարկ չի մնար: Բայց եթէ, հակառակ ամեն ակնկալութեան, թուրքերը մերժեն ստորագրել, այն ատեն կը հասկնամ, որ ամեն բան կնճռոտի: Ո՛վ գիտէ, թերեւս այդ պարագային Թուրքիոյ բաժանման հարց ծագի եւ մեր դատին հետապնդութեան, ինչպէս նաեւ Կիլիկիոյ ապագային սահմանման համար անհրաժեշտ դառնայ շատ դժուարին աշխատութիւն մը, եւ հարկ ըլլայ նոր Համագումար մը հրաւիրել: Կովկաս ալ շատ վտանգի ենթակայ է այս միջոցին: Մեր պետութիւնը յաջողեցաւ պոլշեփկ շարժումի մը առաջքը առնել այս անգամ, չենք կրնար որոշապէս ըսել, թէ կրկնութեան պարագային պիտի կրնա՞յ նոյն յաջողութիւնը ունենալ, եթէ Մոսկուայի ազդեցութիւնն ու զօրութիւնը հետզհետէ աւելի ծաւալին Կովկասի մէջ: Ատրպատական, որ բոլորովին պոլշեփկ դարձաւ, յոաադրիչ օրինակ մը չէ այս տեսակէտով:

Պօղոս Նուպար Փաշա. Այս ամենը ցոյց կու տան, թէ որքան ծանր գործ կայ ընելիք: Այս առտու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնատունն էի. ընդհանրապէս այն կարծիքին են, թէ թուրքերը չպիտի ստորագրեն: Ամեն բան տակն ու վրայ պիտի ըլլայ այդ պարագային: Եթէ նոյնիսկ ստորագրեն դարձեալ ոչինչ լմնցած պիտի ըլլայ, որովհետեւ կայ գործադրութեան խնդիրը, որ տարակոյս չկայ, թէ մեծ մտահոգութեանց դուռ պիտի բանայ: Ծայրաստիճան խառնակ դրութեան մը հանդէպ կը գտնոփնք: Ամեն պարագայի մէջ' բոլոր կարելին պիտի ընենք այս ծանր պարտականութիւնը մինչեւ վերջը տանելու համար: Դժբախտաբար, կացութեան լուծումը մեր ձեռքը չէ եւ ամեն բան մեր աշխատութենէն կախուած չէ, քանի որ դէպքերուն ենթակայ ենք եւ այդպէս ալ պիտի մնանք: Բայց կը բաւէ, որ մեր խիղճը հանդարտ մնայ եւ կարենանք ըսել, թէ ըրինք ինչ որ կրնայինք ընել: Այդ պիտի ըլլայ մեր տքնութեանց եւ աշխատութեան պսակումը եւ մեր ամբողջ վարձատրութիւնը:

Նորատունկեան էֆենտի. Եւ անշուշտ Ամենապատիւ Դուրեան Արքեպիսկոպոս, ինչպէս բոլոր պատուարժան պատգամաւորները, իրենց պարտականութիւն պիտի նկատեն արձագանգ ըլլալ Համագումարիս բաղձանքներում եւ իղձերում, իրենց շրջանակներու ժողովուրդին մօտ:

Պ. Աւետիս Թէրգիպաշեանի առաջարկութեան վրայ, ներկայ բոլոր պատգամաւորները ծափահարութիւններով շնորհակալութիւն յայտնեցին Գաբրիէլ էֆենտի Նորատունկեանին, թէ՛ Համագումարին նախագահութեան պաշտօնը այնքան արժանեօք ու անկողմնակալութեամբ վարած ըլլալուն եւ թէ' Ազգ. Պատոփրակութեան յառաջիկայ աշխատութեանց ալ գործակցելու մասին տուած խոստումիս համար:

Համագումարի երկրորդ նստաշրջանին այս փակման նիստը լրացալ ժամը 7-ին:

ՀԱԱ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 68, թթ. 9-23: Ձեռագիր: Բնագիր: