Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/776

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է
  • Ուրիշ կարեւոր խնդիր մը միացման հարցն է: Պէտք է, որ վերջ գտնէ արեւելեան եւ արեւմտեան հայոց միջել գոյութիւն առած երկուութիւնը, որ այնքան

աղիտաբեր եղաւ մեր ազգին, անցեալին մէջ, եւ որ ա՛լ աւելի աղիտաբեր կրնայ դառնալ նաեւ յառաջիկային: Չմոռնանք, որ մեր պետութեւսն բարգաւաճման ու զօրացման մեծագոյն միջոցներէն մէկն ալ այդ միութիւնն է: Երբ այս տեսակէտով խորեինք միութեան խնդրին վրայ, իսկոյն պիտի հասկնանք մեծութիւնն ու նուիրւսկւսնութիւնը այն պարտականութեան, որ մեզմէ իւրաքանչիւրին վրայ կը ծանրանայ այդ խնդիրը անպատճառ բարեյաջող լուծման մը հասցնելու համար. Կը կարծեմ, որ եթէ ամեն մէկ պատգամաւոր իր շրջանակին մէջ աշխատի ազդելու հանրային կարծիքին ու մամուլին կրայ, այս գործն ալ կիրականանայ:

  • Հայաստանի վերջնական կազմութեան համար պիտի սպասենք նախագահ Ուիլսընի իրաւարարութեան: Այս գործը պիտի կատարուի մեզմէ անկախաբար եւ

պիտի ստիպուինք սպասել արդիւնքին: Բայց ւստոր սպասելով մէկտեղ,. պէտք է մենք ալ մեր ձեռքէն եկած ամեն բան ընենք որպէսզի Միացեալ Հայաստանը վերջնականապէս կազմուած օրը կարենանք զայն օժտել միացեալ ժողովուրդով մը, ինչ որ գլխաւոր հիմն է իր մեծութեան: Պէտք է այս կերպով պատրաստենք ժողովուրդը այդ մեծ օրուան, զոր ամբողջ հայութիւնը պէտք է ողջունէ միատարր ու միաբան: Ազգն ամբողջ կարենալու է ըսել այդ օրը, թէ իր հոգին, զգացումները, մտածումները մէկ են եւ կը ձգտին միակ նպատակի մը, պետութեան ու ժողովուրդին մեծութեան:

  • Այդ յոյսով կը վերջացնեմ այս մէկ քանի խօսքերը եւ կը յուսամ Ձեր ամենուդ

զգացմանց թարգմանը ըլլալ գոչելով. կեցցէ՛ Հայաստան, կեցցէ՛ մեր ամենուս Հայրենիքը:

Բոլոր պատգամաւորները երկարատեւ ծափահարութիւններով ձայնակցեցան Գաբրիէլ էֆենտի Նորատունկեանի:

Պօղոս Նուպար Փաշա. Բաժնուելէ առաջ անգամ մըն ալ Համագումարիդ կը յայտնեմ իմ երախտագիտութիւնս վստահութեան եւ համակրութեան այն ցոյցին համար, որուն արժանի նկատեցիք զիս:

ժողովիդ ծւսնօթ են այն պատճառները, որոնք զիս հարկադրեցին քաշուիլ: Հանգիստի պէտքը տիրական էր ինծի համար, չէի կրնար այլեւս աշխատիլ այնպէս, ինչպէս աշխատեր էի անցեալին մէջ: Բայց հակառակ ասոր, ստիպուեցայ զիջիլ եւ վերստանձնել այս ծանր գործը, որովհետեւ տեսայ, թէ ուրիշ միջոց չկար եւ թէ չէի կրնար խուսափիլ այս հայրենասիրական պարտականութենէն: Կը յուսամ, որ պիտի կրնամ այդ պարտականութեան բարձրութեան վրայ մնալ մինչեւ դաշնագրին ստորագրութիւնը: Դեռ երէկ, այդ ստորագրութիւնը մօտալուտ կը թուէր. բայց այսօր ամեն բան ցոյց կու տայ, որ շուտով տեղի չպիտի ունենայ, պիտի երկարաձգուի, ինչպէս երկարաձգուեցան ուրիշ շատ մը հարցեր, որոնց լուծումը երբեմն օրերու խնդիր մը կը նկատէինք եւ որոնցմէ ոմանք անլոյծ կը մնան տակաւին մինչեւ այսօր: Գործը որ յանձնեցիք մեզի, չափազանց ծանր է ու դժուար: Յոյս ունիմ, որ զիս չէք մեղադրեր եթէ հիմակուց զգացնեմ, թէ կրնան պատահիլ վայրկեաններ, որոնց ընթացքին թերեւս ինծի դժուար ըլլայ պէտք եղած կորովով մնալ պատնէշին վրայ, նկատի առնելով առողջական վիճակս եւ այն արտակարգ յոգնութիւնը, որուն ենթարկուած էի մինչեւ այսօր:

Նորատունկեան էֆենտի. Թոյլ տուէք, որ անգամ մըն ալ Ձեզ սրտապնդեմ: Ես այն խոր հաւատքն ունիմ, թէ մինակ չէք մնար Ձեր դժուարին աշխատութեան մէջ եւ բոլոր անոնք, որոնք կրնան ոեւէ կերպով օժանդակել այդ մասին, սիրով կը բոլորուեն Ձեր շուրջը: Իմ մասիս, ինչպէս անցեալին մէջ երբեք չեմ մերժած, միշտ պատրաստ պիտի ըլլամ առաջին կոչին Ձեր մօտ վտւթալու, եթէ երբեք ատիկա անհրաժեշտ դատէք, եւ աշխատելու այնպէս, ինչպէս աշխատեցայ մինչեւ այսօր, ամեն անգամ որ պէտք տեսնուեցաւ: Կը հասկնամ գործին բովանդակ դժուարութիւնը.