փոքրածաւալ մակագրուած գիրք մը երկարեց ինձի: Ու այդ օրուան համագումարը ահա հատորիկին մէջ կը շարունակուէր: Զանց կ՛առնեմ երկար խօսիլ այս մասին, միայն յայտնեմ, որ ընթերցումս եղաւ դանդաղ՝ զիս մղելով տեղ—տեղ կրկնելու կարդալս, ոչ թէ գրութեան դժուար ըլլալուն՝ այլ խոր ըլլալուն պատճառաւ: Խրթնութիւն քչիկ մը կար՝ բայց բացատրուած: Այդ մասին յօդուած մըն ալ պատրաստած եմ:
Դոկտ. պրոֆ. Դիանա Համբարձումեանի այդ գիրքը վերնագրուած էր ՛՛ Նշան, լեզու, տեքստ՛՛: Արդեօք ՛՛ տեքստ ՛՛ եզրը կարելի չէ՞ր փոխարինել ՛՛ բնագիր ՛՛ հայերէն բառով: Այլապէս գիրքին բաղդատական էջերու օրինակները տրուած մաքուր անգլերենով ու մայրենիով՝ կուգան հաստատելու, որ պրոֆ. Համբարձումեանը ոչ միայն տիրապետողն է անգլերէն լեզուին, այլեւ վարպետ թարգմանիչ մը:
Յաջորդ օրը ներկաներս ժամադրուած ենք Հրանտ Մաթեւոսեանին հետ: Երթալու էինք Կոմիտասի անունը կարող Հայոց մեծաց պանդէոնը, զրուցելու մեր մեծ արձակագիրին հետ:
Փութացի երթալ Հայաստանի գրողներու տուն, ու հազիւ հասայ գրողներու միութեան նախագահ Էդուարտ Մլիտոնեանին, որ կը մենէր: ՛՛ Ո՞ւր ՛՛ հարցումիս՝ ան պատասխանեց.
«Չե՞ս իմանում, որ գնալու ենք պանդէոն Հրանտ Մաթեւոսեանի շիրիմին, որ...»
«Ես ալ հոն պիտի երթամ»:
«Նստէք մեքենայի մէջ»:
Հոն ենք արդէն: Ներկաներու բազմաթիւն մը կայ, ծաղկեպսակներ դրած են Մաթեւոսեանի արձանին մօտ ծաղկոցի մը