Jump to content

Էջ:Հրանտ Մաթեւոսեանը եւ Ընթերցողները, Թորոս Թորանեան.djvu/11

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

իրենում ներկայացնում է աշխարհի ամբողջ բարդութիւնը»: Որովհետեւ այդ երեխաները ի վերջոյ կուգան իրենց հասունութեան՝ իրենց սկզբին:

Կը տեսնէք արդէն Վեներա Աւետիսեանիսյանի լեզուին մաքրութիւնն ու հասկնալիութիւնը միաժամանակ: Եւ այս՝ հեղինակին յաջողութիւնն իսկ է:

Ան ապա Հոլդէնի եւ Արայիկի ինչ վիճակներէ անցնելը կը ներկայացնել մանրամասնութիւններով եւ օրինակներով, բացայայտելով այն՝ որ նմանութիւններ շատ կամ Արայիկի եւ Հոլդէնի ընթացքներուն մեջ: Մէկը Ծմակուտի որդի, միւս Նիվ-Եորքի:

Մանրամասնութիւններ հլունքաշար օրինակներով՝ ընթեողներն ալ համազող, վարպետուութիւն նաեւ՝ այս դիպաշարի ճշմարտութեան մեջ:

Ամերիկեան գրողն ու հայ գրողը՝ նոյն յաջողութեան մեջ:

Այսինքն Մաթեւոսեանը իր հերոսը հայ պահելով հանդերձ ազգայինը ներկայացուցիած կ՛լլայ համաշխարհային ֆոնի վրայ: Եթե Նիւ-Եորքը հսկայ աշխարհ մըն է, Ծմակուտը եւս հակառակ փոքր ըլլալուն՝ աշխարհ մըն է:

Հրանտ Մաթեւոսեանի ծնդյան 80—ամեակին նուիրուած գիտական այն ձեռնարկէն դուրս եկանք բաւարարուած, վերահասու ըլլալով Սլաւոնական Համալսարանի հայ գրականութեան ամբիոնի դասախօսական կազմի օգտաշատ գործունէութեան:

Նոյի օրը կողքիս տեղ գրաւող պրոֆ. Դիանա Համբարձումեանը ոչ միայն իր ելոյթով գրաւեց ուշադութիւնս, իրապէս գիտական մօտեցումով այլ իր ձեռքի փոքր պայուսակէն