Էջ:Հրանտ Մաթեւոսեանը եւ Ընթերցողները, Թորոս Թորանեան.djvu/14

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Գրողին ձեռքի շարժումները կը նկատեմ: Արդեօք որո՞նց հետ կը խօսի, Զօհրապի՞ն հետ թէ Վարուժանի հեթանոս երգերուն, Ռուբէն Սեւակի՞ն հետ, որ գրած է. «Սուրը խաչէն զօրաւոր է«,կամ Սիամանթոյի՞ն, որ Ս. Մեսրոպը նմանցուցած է Ադամանդեայ ապառաժի:

Երկար կը մնամ դիրքիս վրայ՝ տառօրէն յուզուած, ու մտքէս քերթուած մը կը հիւսեմ նուիրուած Հրանտ Մաթեւոսեանի այս խնկանման դիրքին, որ միջոց մը ետք լոյս կը տեսնէ հատորի մը մեջ՝ Մեծ Եղեռնին նուիրուած ի Պէյրութ:

Յարգանքի մատուցումը իր աւարտին հասած է երկու մելանոյշ երգով, եւ քահանայ հօր մը աղօթքով: Աղօթել՝ Աստուծոյ հետ երկխօսութեան նստիլ կը նշանակէ, որուն մեծագոյն օրինակը տուած է Ս. Գրիգոր Նարեկացին, բազմիմաստ գաղտնածրար հանգերու ժայթքումով:

Հոգեճաշի նուիրեալներ կան: Անոնց մէջ եմ: Պանդէոնին մէջ լսած էինք խօսքերը տիկ. Մաթեւոսեանին, հոս իր տանը մէջ սեղանները եւս կը խօսին: Տունին, իր տունին պատին վրայէն մեզ դիտողը Հրանտ Մաթեւոսեանն է: Կը քակուին ճարտար խօսքի վարպետ Էդուարտ Միլիտոնեանի ելոյթին էջերը Հրանտ Մաթեւոսեանի ստեղծագործութիւններուն շուրջ՝ որպէս երբներանգ ու չխամրող ծաղիկկներ: Շատեր խօսք կ՛առնեն: Տղամարդոց թիւին չափ կիներ եւս կան: Խօսք կ՛առնեն անոնցմէ ոմանք՝ շղարշովը կնոջական յուզմունքի, ուր Մաթեւոսեանի թեւաւոր խօսքերէն ցայտող ադամանդներ ալ կան:

Սեղանին բարիքները անվերջանալի են, բայց երկար յամենալէ ետք ոմանք վերջ կուտան իրենց ներկայութեան՝ բարի մաղթանքներով: