Jump to content

Էջ:Հրանտ Մաթեւոսեանը եւ Ընթերցողները, Թորոս Թորանեան.djvu/16

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

—Ձեր մօտ ճաշելու եկած՝ ու ճաշած եկած եմ:

—Հայու տուն եկած էք…

—Ուրեմն, նախ շնորհաւոր Նոր Տարի, թող լոկ բարիք տեղայ ձեր տունին…

—1988—ին գիրք մը հրատարակած էք Հրանտ Մաթեւոսեանի մասին, ձեր գործը կոչելով ՛՛Ծմակուտի վիպասքը՛՛:

—Դժբախտաբար այդ գործէս տանս մէջ չունեմ, բայց անմիջապէս ձեզ կարող եմ մատռուակել հայկական կոնեակ: Խմեցէք մի բաժակ, որ կարող էք երկրորդել, ձեր ախորժակն էլ կը բացուի՝ եւ չէք մերժեր տիկնոջս հիւրասիրութիւնը:

Թէեւ խմողի համբաւ վայելելէ հեռու էի, շատ հեռու, բայց երկու բաժակ կոնեակը Երեւանի մէջ հասակ առած հայու մը պէս կուլ տուի… հետեւեցաւ աման մը ջրալի ճաշ, ապա սկուտեղ մը՝ պտուղներով…

Ո՞ւր մնաց սիրածս Հրանտ Մաթեւոսեանը: Երեւանցիք ի հնուց անտի այսպէս են, հիւրընկալութռան օրէնքները Քսենոֆոնի օրերէն առաջ եւս եւ մինչեւ այսօր կը յարգեն, վկայ Աղաբեկեաններու այսօրուան հիւրասիրութիւնը:

Այս բոլորը կը տեւեն կէս ժամ: Արդէն սեղան կը հրաւիրենք Հրանտ Մաթեւոսեանը: Մեր խօսակցութիւնը կը տեւէ մինչեւ ժամը եօթը:

Պրոֆեսորին վերջնական կարծիքը մեր ծաղկած նիւթին շուրջ.

— Հրանտ Մաթեւոսեանը մեր խոշորագույն արձակագիրն է: Չերթա՞մ առնելիքս ստացած ըլլալով: Հարստացած դուրս կ՚ուղղուիմ Աղաբեկեաններու բնակարանէն: