Jump to content

Էջ:Հրանտ Մաթեւոսեանը եւ Ընթերցողները, Թորոս Թորանեան.djvu/18

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Բարի: Թող շարունակուի բարին՝ այսինքն Հրանտ Մաթեւոսեանը:

Երբ նոր տարուան առաջին օրերը օրացոյցի վրայ նշանակեցին օրերու 9—ն՝ յիշեցի որ ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր—Պետրոսյանի ծննդեան տարեդաձի օրն է: Ուրտեղէ՞ն այդ յուշը՝ մի՛ հարցնէք խնդրեմ:

Ըսեմ, ես մօտիկ ընկերութիւնը վայելած եմ մեր հանրապետութեան առաջին նախագահի հօր՝ Հակոբ Տէր—Պետրոսյանին:

Ու օրերէն Յունուարեան օր մը մօտենալով բարեկամիս՝ հարց տուած եմ.

—Նոր մանչ մը եւս ունեցած էք ընկեր Հակոբ... ու ի՞նչ անուանած էք նորածինը...

—Առիւծ:

—Առի՞ւծ...

—Այսինքն Լեւոն...

—Մարդ Աստուծոյ, լուր տայիք, փունջ մը ծաղիկով շնորհաւորէինք Լեւոնին ծնունդը...

Ընկեր, փունջ մը ծաղիկին դրամը տուէք մեր կուսակցութեան, եւ եկէք շնորհաւորեցէք Լեւոնինս ծնունդը, առանց ծաղիկի:

Այդպես ալ ըրինք:

Հիմա մեր հանրապետութեան առաջին նախագահին ծննդեան օրն է, եւ քանի որ թապու մը չէ՛ անոր մասին գրելը, եւ միաժամանակ քանի որ ան պատմաբան ու մշակույթի մարդ է, ուեցի իր նոր տարին ու ծննդեան օրը շնորհաւորել միաժամանակ իր կարծիքը եւս ունենալ Հրանտ Մաթեւոսեանի մասին: