Զանգեցի:
— Ես Աւետիսն եմ, համմեցէք, ինչ էք ցանկանում:
Ներկայացայ եւ յայտնեցի որ կարճ տեսակցութիիւն մըն է ուզածս մեր առաջին նախագահին հետ, շատ կարճ շնորհաւորանքի խօսքերով:
— Կը հաճի՞ք յայտնել ձեր բջջայինի համարը: Կը խօսիմ անոր հետ եւ կ՛ապահովեմ ժամադրութիւն մը, թէեւ նախագաը շատ հիւրեր պիտի ունենայ…
Բջիջայինիս թիւը յայտնեցի: Ժամը 11—ի մօտ էր:
Կէս ժամ յետոյ բջիջայինս խօսք առաւ: Ձեր ժամադրութիւնը ժամը 12—ին է, չուշանաք:
Ճամբուս վրայ Արմէնիա պանդոկին առջեւ նոր տարիս շնորհաւրողի մը հանդիպեցայ, Աւետիսեան մականունով: Մտքէս ըսի. Արդեօք ի՞նչ է վերի Աւետիսին եւ այս Աւետիսեանին բարի լուրերուն կապը: Առաջարկեցի անոր միասին երթալ:
Տաքսիի վարորդը մը մեզի կը նայէր:
— Հարենակից, — հարց տուի անոր, — մեզ կը հասցնէ՞ք ՀՀ առաջին նախագահին բնակարանը:
— Ոնց չէ, սքանանչելի հայերենով ելոյթներ ունեցող այդ մարդո՞ւն…
Վարորդը կուլ տուաւ ճամբաները: Հասանք ուղիղ 12 — ին:
Մեզ ընդունեց ՀՀ առաջին նախագահը, ըսելով.
— Լաւ պաշտպանուած էօ ցուրտին դէմ: Հանեցէք ձեր վերակուները: Մենք Մուսա լեռցիներս վերարկուին բարտեսու կ՛ըսենք:
— Ֆրանսերէն այս բառը՝ բարտեսիւ, ուրկի՞ց հասած էր Մուսա լեռ