Քալանթարեանի խօսքը ընդհանուրին ձսյնը ըլլայ կարծէք...
6.Մաճուան թակարղդում
՛՛Դիտանկիւն՛՛ հատորին վերջին գլուխն է։
Այս էջերուն վրայ խօսքը Հրաչեայ Սարիբեկեանի ՛՛Երկուորեակների Արեւը՛՛ վէպին շուրջ կը դառնայ, ուր արծարծուող գլխաւոր նիւթը կեանքի եւ մահուան հարցերն են՝ կապուած վիպագիրի ներկայացուցած պատմութեան։
Վէպը երկուորեակ երկու եղբայրներու կեանքէն կը ծնի։ Անոնք իբրեւ խաղ՝ երկուքով վայրաշարժի երկաթի գիծերուն վրայ կ՛երկննան, գնացքը անոնցմէ մէկը կը նետէ մահուան գիրկը, իսկ ազատուողին մազերը նոյն վայրկեանին կը սպիտակին սարսափի ազդեցութեան տակ։
Ողջ մնացողը Արեգն է, ծերերու մէջ երեխայ, երեխաներու մէջ ծեր, սպիտակահեր... եւ կարծէք հանգուցեալ եղբայրը ՛՛Իր գերիշխանութեան տակ է առնում կենդանի մնացող եղբօրը՝ Արեգին, եւ վերջինիս միտքերը, երազները, տեսիլները կենտրոնացնում մահուան շուրջ՛՛:
–«Հայ դասական գրականութեան մէջ եւս այս կամ այն չափով արծարծուել է մահուան հետ առնչուելու հանգամանքը (Ատ. Զօրեաև, Գ. Մահարի եւ այլն)։ Սակայն Հրաչեայ Սարիբեկեանը էքիստենցիալ տեսանկիւնից սրում է հարցը՝ ցոյց տալու համար դէպի մահ ընթացող կեանքի անիմաստութիւնը, անորոշութիւնը, սարսափը։