Հիմա, այս էջերուն վրայ եթէ ներկայացնեմ բոլոր զեկուցաբերներուն ելոյթները, թէեւ ձանձրալի ըլլալէ շատ հեռու պիտի ըլլային՝ բայց ինձմէ պիտի խլէին երկար ժամանակ:
Աւելցնեմ անմիջապէս, որ զեկոյցներու աւարտին հետեւեցան կարծիքներու փոխանակումներ, անուշտ ազատ արտահայտութիւններով, ուր երբ հնչեցին գոհունակութեան խօսքեր՝ եղան նաեւ դիտողութիւններ, յատկապէս այն մասին՝ որ ելոյթը մերթ խտացնել պէտք էր:
Միջազգային օրէնքով՝ սկիզբէն կ՛որոշեն ժամանակը: Օրինակ 10 կամ 15 կամ քսան րոպէ:
Համագումարի մը ընթաքցին ի Լոս Անճելըս՝ երբ ելոյթիս ընթացքին օրուան ղեկավարը զգոյշացույց զիս, որ նկատի ունենամ ժամանակիս վերջանալուն մօտիկութիւնը, նիւթս էր ՛՛Թիւրք բժիշկներուն դերը Հայոց ցեղասպանութեան մէջ՛՛, եւ յայատարարեցի.
— «Հայոց տառապանքի՛ն չափ ժամանակ կ՛ուզեմ»:
— «Այդ պարագային դուք խանգարած պիտի ըլլաք բոլոր ձեզմէ ետք խօսք առնողները»:
Թուղթերուս յաջորդական էջերը արագորէն դարձնելով կարդացի անունը հայ բիժիշկի մը որ սպաննուած էր թիւրք բժշկի մը կողմէ… Յանկարծ ներաներէն բժիշկ մը ընդոստ ցատկելով բացականչեց.
— «Բժիշկ, բայց դուք հարազատ մեծ հօրս մասին խօսեցաք…»:
Ներկաները յուզուած էին, թուղթերս ծալեցի եւ ամպիոնէն հեռացայ… մտքէս ըսելով.