Էջ:Մանկութեան Յուշեր, Թորոս Թորանեան.djvu/11

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

–«Դասդ չես գիտեր, ուշադրութիւնդ գրատախտակին չէ՝ ինծի պատմութիւն կը պատմես, հա՞...»։


–«Պարո'ն, նայիմ զարկա՞ւ թիւրքին, պարո'ն»։


–«Լռէ։ Գիրքդ գրաւուած է...»։


Զանգը տրուեցաւ՝ ֆրանսերէնի պահը վերջ գտած էր։


Ուսուցիչը ուղղուեցաւ դէպի տեսչարան։ Ես իր ետեւէն՝ լալ փորձելով։ Ան մտաւ տեսչարան՝ ես իր ետեւէն։


Քանի մը ուսուցիչներ հոն էին արդէն, պարոն տնօրէնը եւս որուն անունը թագաւորի՜ անուն էր, Արտաշէս։


Ուսուցիչը մատը ինծի ուղղելով՝ տնօրէնին ըսաւ.


–«Այս պարոնը ոչ միայն դասին անուշադիր է՝ դասէն դուրս գիրք կը կարդայ։ Ահա՜ այդ գիրքը, գրաւեցի։ Պատժել պետք չէ՞ այս աշակերտը»։


–«Այո, դասին չհետեւողը ուղղել պէտք է։ Կրկնելու պարագային՝ պատժել»։


–«Արդէն յարգելի պրն. Քէօմիւրճեան, գիրքը գրաւելով այս տղան պատժած եղաք»։


Առաջ մեկնելով, լացակումած՝


–«Պրն. տնօրէն, - ըսի, - Մկրտիչ Եօթնաղբայրեանը ատրճանակը ուղղուած էր թիւրքի կուրծքին։ Տուէ՜ք գիրքը՝ տեսնիմ զարկա՞ւ թէ չէ...»։


–«Պատի՜ժ, - ըսաւ պրն. տնօրէն Արտաշէս Սարգիսեանը, - տակաւին լեզո՞ւ կ՚երկարես»։


Անդէն խօսք առնողը եղաւ մեր մայրենի լեզուի ուսուցիչ պրն. Սարգիս Եափուճեանը՝ որ ֆրանսերէն լեզուի ուսուցչին ուղղելով խօսք, ըսաւ.


–«Այդ գիրքը գրաւելով կարծէք Ուրֆան գրաւած եղաք՝ մինչդեռ Ուրֆան Եօթնաղբայրեանները, Ռասթկէլէնեանները, Մարօնները պիտի ազատագրէին...», քիչ մըն ալ դադար տալով իր խօսքին՝ շարունակեց.


–«Այս տարիքի տղաք երբ նման հետաքրքրութիւն ունին ոչ թէ գրաւե՜լ պէտք է անոնց կարդացած գիրքը, այլ քաջալերել տղան...»։


Ներկայ ուսուցիչներու միջեւ եղաւ խորհրդակցութիւն։ Հասան մէկ եզրակացութեան, որուն համաձայն գտնուեցան թէ՜ պարոն Քէօմուրճեանը՝ թէ՜ պարոն տնօրէնը.