Jump to content

Էջ:Մանկութեան Յուշեր, Թորոս Թորանեան.djvu/12

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

–«Գիրքը վերադարձնել աշակերտին պայմանաւ մանաւանդ, որ այդ գիրքը տանի տուն եւ հոն կարդայ, պայմանաւ մանաւանդ՝ որ ուշադիր հետեւի իր դասերուն»։


Գիրքը յափշտակեցի գրեթէ՝


–«Հիմա կը կարդամ», - ըսի, եւ տեսչարանէն դուրս գալով գտայ կարդացածս տողը, կապարը հասած էր իր նշանակէտին։


Դասարանի տղոց պատմեցի եղածը ծափահարեցին։


Գիրքը տուն տարի, շարունակեցի կարդալ։ Հապա՞, Յարութիւն Ռասթկէլէնեանը եւս հերոս եղած է, Մարօն ալ կին ըլլալով՝ կուրծքին փամփուշտակալներով զինուած։


Գիշերուան ուշ ժամուն ընթերցումս աւարտած չէի դեռ։ Մայրս կազի լամբին մօտենալով «փուհ» ըրաւ, եւ կազի լամբը մարեցաւ։


–«Մամա, մայրի՜կ, - գոչեցի, - Մարօն կին ըլլալով՝ թիւրք կը ջարդէ, դուն կին ըլլալով՝ կազի լամբարին լոյսը կը մարես...»։


–«Բայց տղաս, խօսք հասկցիր, վաղուան լամբարին լոյսին համար դրամ չունինք։ Առաւօտ կանուխ արթնցիր՝ Աստուծոյ լոյսով կարդայ գիրքը...»։


Լալով՝ մօրս վիզին փաթթուեցայ։ Քնացայ՝ երազիս մէջ մեր հերոսներուն հետ էի...

Երեւան, 10 Մայիս 2016

5. Մանուկ Պէրպէրեան

Մանուկ Պէրպէրեանը ոչ միայն մականունով՝ այլ իրաւօրէն այդ անունին իմաստովը սափրիչ էր։


Սափրիչ Մանուկը մահէն հրաշքով ազատուած էր թիւրք ճանտարմային ձեռքէն՝ վեր հանելով իր զպունը, եւ ըլլալով անվարտիք՝ թիւրքը տեսած էր որ Մանուկը թլփատուած է, ուրեմն թիւրք է։


Ես մազս զերոյի կտրել տալու համար, այսինքն լերկ գլուխ մնալու համար Մանուկի սափրիչատան յաճախորդն էի։ Այս Մանուկը հասակաւոր մարդ էր։ Մազս խուզելով՝ թէ՜ մազերս առած կ՚ըլլար, թէ՜ ալ դրամ կ՚ուզէր...

12