Jump to content

Էջ:Մանկութեան Յուշեր, Թորոս Թորանեան.djvu/17

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված չէ

է&3$6 քամիներու բերած փոշին այլ նիւթերու շարքին ջուրը չկեղ տոտէին։

Ես այդ օրերուն 14 տարեկան էի։


Մէյ մըն ալ ինչ լսեմ, որ Ջոմախի Աղջիկին տղան Թորոսը՝ խեղդամահ եղած է հայ քարակոփներու պատրաստած այդ «լիճին» մէջ։


Հաւատալու բա՞ն էր, որ հաւատայի, թէ ինծի հայրենակից Ներսէս Սուրեանի որդին խեղդուած էր անջուր Տաւուտիէ ա րուարձանի կողքին ոչ այլ ինչով՝ այլ ջուրի մէջ։


Շնչակտուր հասայ հանգուցեալ ընկերոջս տունը։ Տունը թէեւ քարակոփ Ներսէս քարակոփ էր, բայց տուն չէր կարծէք՝ այլ ողբաստան։ Բարձր կը հնչէր Ջոմախի Աղջիկին եղեռա կան ձայնը.


–«Անջուր լերան ստորոտին ջուրի մէջ մեռաւ որդիս, ալ ինչպէ՞ս ապրիմ»։


Այդ անզուսպ աղաղակը վստահ եմ կը հասնէր արեւի մո լորակներուն։


Բայց այս Թորոսը հազիւ պատանի այդ «լիճին» ջուրէն իր ծարաւը յագեցնելու համար, փոքր մը անդիէն կը ծռէ գլուխը որ ջուր խմէ։ Եւ ինչ՝ կը սայթաքի, ու իյնալով գլուխը կը մխրճուի հոն տեղ գտած աւազին մէջ, ու մահը վրայ կը հաս նի րոպէներու մէջ։ Յայտնի է որ տղեկը ճիգ մը ըրած էր... բայց շնչահատ դարձած։


Ոչ ոք կրցաւ մխիթարել Ջոմախի Աղջիկը։ Ամէնէն մխիթա րական խօսքը նման պահուն՝ լո՜ւռ հոսող արցունքը կրնար ըլլալ:


Այդպէս արցունքով խօսեցան անթիւ ներկաները։


Հաւատացէք պատանեակ կեանքէն հեռացած Թորոսիկին մօր կանչը, «Անջուր լերան ստորոտին ջուրի մէջ մահ գտաւ» խօսքերը՝ այս րոպէիս ալ նոյն նօթերով ունկերուս մէջ են։


Տալիդայէն ետք այս երկրորդ անգամն էր որ մահ կոչուած եզրը ընկերոջս մահով սիրտս հարուածեց։


Թէեւ երբ կը գրեմ այս տողերը սա՜ պահուն Հալէպի՝ նոյն Հալէպի մէջ մոլեռանդ խելագարներու կրակոցներէն, ռումբերէն ըլլալ։ րէն տուներ կ'աւերուին, մանուկներ ու ծերեր մահ կը գտնեն տասնեակներով, հարիւրներով։ 17