Jump to content

Էջ:Մանկութեան Յուշեր, Թորոս Թորանեան.djvu/18

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված չէ

Այդ բոլորին համար ի՞նչ լացով ողբանք։ Քանի՞, քանի՞ Ջոմախցի Աղջիկի ձայնին ձայներուն,ողբերուն պէտք ունինք,որպէսզի երկինքի աստղերը սարսելով իրենց բնական տեղէն թառին մեր մոլորակին վրայ, որպէսզի նզովեալ պատերազմները վերջ գտնեն։ Աստուածները մահանալո՞ւ են՝ որ մարդիկ ՄԱՐԴ դառնան, ու վերջ տան պատերազմներու։

7.էնտախ

ՏաւուտիԷ արուարձանի բնակիչները «էնտախ» կը կոչէին այն ծաւալուն հողէ բլուրը՝ զոր Սուրիային «հոգատար» ֆրանսական պետութեան բանակայիններէն Ալժերացի, Թու– նուզցի, Մարոքոցի զինուորներ պատրաստած էին, որպէսզի ֆրանսական բանակայիններ գնդակոծումի վարժութիւններ կատարէին ու արձակուած փամփուշտներուն պարկուճները մխրճուէին այդ զանգուածեղ հողէ բլուրին, առանց վնասելու շրջապատէն անցնողներուն։ Ֆրանսական «հոգատար» բանակը նոր հեռացած էր Սուրիայէն,ու իր կառուցած այդ ռազմափորձի բլուրը մնացած էր ամայութեան մէջ իր զանգուածին մէջ մխրճուած ունենա¬ լով հազարաւոր փամփուշտներ։ Ու ահա Տաւուտիէցի երեխաներու համար աշխատանք բացուած էր։ Տունէն առնուած դանակով մը զինուած, կամ երկաթի կտորով մը կը հասնէինք այդ բլուրի կողերուն, ու կը սկսէինք քչփորել...Հինգ րոպէ,տասը,քսան...ու մերթքսանէ աւելի այլեւս յաւէրժ լռած փամփուշտներ գրպանելով՝ կը տանէինք վաճառելու տէօքմէճիներուն։ Այսինքն անոնց՝ որոնք հալեցնելով այս բոլորը, դգալի կամ պատառաքաղի կը վերածէին հալոցէն կաղապարի մէջ հոսածները։ –«Ծօ, Յակոբ, քանի՞ փամփուշտ գտար...վեց հա՞տ։ Ծօ վեց հատը քանի՞ փարայ կ՚ընէ։Գոնէ քսան հատ գտած ըլլա¬ յիր բան մը կ՛արժէր։Պարապ տեղը քրտնած ես»։ –«Դուն ալ,որ կոկոզավիզ ես՝ (այդ բառը նոր սորոված էին) ըսէ նայինք ժամէ մը աւելի հողը փորփրելով քանի՞ կոճակ գտած ես»։ 18