Jump to content

Էջ:Մելգոնեացի մը երկու մելգոնիացիներու մասին, Թորոս Թորանեան.djvu/11

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Ան Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթ. Հաստատութեան սան եղած եօթը տարիներուն ընթացքին օգտուելով դպրոցի իրապէս հարուստ գրադարանէն որպէս մոլի ընթերցող՝ մարդոց չափ ու աւելի սիրած է իր կարդացած գիրքերուն հերոսները, եւ կարդացած է 20-րդ դարու ողջ հայ գրականութեան երկու ճիւղերուն հրատարակութիւններն ու թարգմանութիւնները։ Իրեն համար հաճելի եղած են գործերը Ակսել Բակունցի, Գուրգեն Մահարիի, Չարենցի եւ Դանիէլ Վարուժանի՝ մատչելի հաւասարապէս։

Հայաստանը իր մշտական երազն էր՝ ու պաշտամունք ունէր վարպետ Սարեանի նկարչութեան նկատմամբ։

Յակոբեանները Լենինականէն Երեւան փոխադրուեցան 1967 թ.-ին։ Սկիզբը անոնց բնակարանի յաճախակի հիւրն էի, երբ անոնք կը գտնուէին Խաչատուրեան փողոցին վրայ, ուր նոյն շէնքին մէջ կ'ապրէր բանաստեղծ Ռազմիկ Դաւոյեանը։

Հոն էր որ կը հանդիպէի բացի Դաւոեանէն՝ նոյնպէս յաճախ Մինաս Աւետիսեանին, Շահէն Խաչատուրեան արուեստաբանին, գեղանկարիչ Սիրաւեանին, ու մերթ՝ նորերու։

Մինասը ունկնդրելը հաճելիէն աւելին էր։ Ան կարծէք նոր օրերու փիլիփսոփայ մը ըլլար՝ խօսքի ընթացքին երկնող։ Ու ես որ սակաւախօսութեան օրինակ մը ըլլալէ հեռու եմ՝ մերթ