Քիչ մը ուշացումով՝ Յակոբեան կը սկսի աշխատակցիլ հայրենի մամուլին։
Սկիզբը ան հանդէս կուգայ «Օրրան» ամսագիրի էջերուն մէջ՝ խմբագիր Այտին Մորիկեանի յորդորներով։
Ապա «Ազգ» օրաթերթի խմբագրապետ Յակոբ Աւետիքեանը կ'ըլլայ զինք խթանողը՝ ու գեղանկարիչ Յակոբ Յակոբեան գրողը տեղ կը գտնէ «Ազգ»–ի մշակոյթի էջերուն մէջ։
Այստեղ անոր լեզուն Արեւելահայերէնի եւ Արեւմտահայերէնի խառնուրդ մըն է միշտ ճշմարտութեան եւ պարզութեան ուղեցոյցով, որ անմիջապէս հաճելի կը թուի ընթերցողներուն։
Յակոբ Յակոբեանի մասին կը գրուին յօդուածներ՝ հայերէնի շարքին նաեւ ռուսերէնով, Մոսկուայի մէջ եւ այլուր։ Կը հրատարակուին ծաւալուն ալպոմներ՝ որոնցմէ առաջինի պատրաստողը կ'ըլլայ արուեստաբան Շահէն խաչատուրեանը։
Ու վերջապէս ահա հատոր մը արձակագիր Յակոբ Յակոբեանէն որ կը հրատարակուի 2006 թուականին «ժամանակ եւ Խօսք» մատենաշարին կողմէ, կրելով «Ու մերթ լացաւ, Ու մերթ խնդաց իմ հոգիս» Թէքէեանական խորիմաստ այս անունը։
Ծաւալուն այս հատորը կը պարունակէ էջեր մեր պատմութենէն, էսսէներ, հարցազրոյցներ եւ կարծիքներ հեղինակի գործակիցներուն մասին, մեր ներկան, մեր ժողովուրդի ճակատագիրը, մեր երկրի մշակութային կեանքը, նաեւ իր կեանքն ու արուեստը՝ ներկայացուած Սարգիս խաչենց հրատարակչութեամբ, որ ուշադիր եւ բծախնդիր հայեացք մըն է պատուաբեր՝ Հայոց հրատարակչական գործունէութեան։