ստեղծուէր աւելի ուշ՝ բայց շքեղ, վայել մեծ երկրի մը։ Ահա հոն էր, որ որպէս նուէր ունեցայ Յակոբեանի մէկ գործը՝ «Մենաւոր Ծառը», որ իր արմատին մօտ ստացած էր զօրաւոր հարուած մը բայց չէր տապալած, ու ծառին մենիկ մէկ ճիւղը կանանչ ժպիտ մը զգեցած էր։ Այդ ծառը մեր այդօրուան Հայաստանն էր։
Ուրեմն այդ ծառը ես կը տանէի ղէպի սփիւռքի բնակարանս։
Նոյն վայրկեանին Ռափայէլ Արամեան գրողը՝ որ մեզի հետ էր, գրեթէ պոռալով յայտարարեց թէ, այդ ո՞նց էր պատահել, որ նուէր մը չէր բերած մեզի համար, ու անմիջապէս իր ձախ բազուկէն հանեց սեփական ժամացոյցը ըսելով.-
«Թող այս ժամացոյցը յուշարար՝ քո մօտ լինի»:
Ուզած էի մերժել՝ բայց Արամեանը արդէն թեւիս ագուցած էր իր ժամացոյցը, որ եթէ միջոց մը եղաւ յուշարար՝ կանգ առաւ վերջիվերջոյ, ու եղաւ պատճառ որ՝ այս անգամ ես յայտարարէի.-
«Հայաստանի Ռափայէլ Արամեան գրողի ժամացոյցը չդիմացա՛ւ սփիւռքի օտարութեան, խոմ մա՛րդ չէր՝ որ դիմանար»:
⁂
Այս բաժանումը պատճառ մը չէր՝ որ ես մոռնայի բարեկամութիւնս Յակոբեաններու հետ։ Ամէն տարի կուգայի Երեւան, երբեմն տարին երկու անգամ՝ եւ անպատճառ հանգիստի շունչս կ'առնէի անոնց տանը մէջ, յայտարարելով.-