Jump to content

Էջ:Մելգոնեացի մը երկու մելգոնիացիներու մասին, Թորոս Թորանեան.djvu/14

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

«Եթէ չհանդիպիմ Յակոբեաններուն՝ Հայաստան եկած չեմ ըլլար»։

Կը նստէինք զրոյցի՝ իմ առատախօսի ինքնեկ բնաւորութեամբ։ Կը խօսէի իմ ճամբորդութիւններուս մասին, Յակոբեանը՝ իր արուեստին շուրջ, նոր գործերը կը ցուցադրէր՝ մերթ ըսելով. -

«Թորոս ջան շատ մի՛ տարածուիր, սեղմէ՛ բառերը, նախադասութիւնները՝ որ ուժի վերածուին։ Տարածուիլը կարելի է, Հայաստանը եւս, բայց կարեւորը կարենալ պահելն է»:

Ֆրանսա ապրող, Հալէպի ծնունդ եւ Գահիրէի Գալուստեան վարժարանէն շրջանաւարտ, ու Փարիզեան գեղարուեստից առաջին հայ Ակադեմականին Հայաստան ցուցահանդէսով մը յայտնուիլը՝ բառացիօրէն ոտքի հանած էր մշակութասէր բազմութիւն մը Երեւանի մէջ։

Յակոբն ու Մարին Փարիզէն կը ճանչնային զինք։

1966-ին էր Գարզուի Երեւանեան այդ առաջին ցուցահանդէսը, զոր այսպէս կը նկարագրէ Յակոբ Յակոբեան.-

«Սրահը ծայրէ ի ծայր լեցուն։ ժողովուրդը բնազդով զգացեր էր, որ եկած էր հանդիպելու իր մեծ զաւակին։ Երբ յանկարծ Գառզուն իր կնոջ Նանի հետ, ու մեր արուեստի նահապետ Սարեանը իր կնոջ Լուսիկի հետ երեւացին՝ ժողովուրդը լռելեայն նրբանցք բացաւ դէպի սրահի խորքը։ Երկու մեծագոյն վարպետները իրենց կանանց հետ բարձրացան հարթակ։ Այսօր չեմ յիշում թէ ի՞նչ ասաց Սարեանը, ի՞նչ ասաց Գառզուն՝ բայց Նանը անընդհատ արցունքներն էր սրբում։