Jump to content

Էջ:Մելգոնեացի մը երկու մելգոնիացիներու մասին, Թորոս Թորանեան.djvu/22

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Այդ հատորը տարի մեր բեակարանը։

Աւելի քան 430 էջեր պարունակող այս երկասիրութեան ընթերցումին յատկացուցի ուղիղ եօթն օր ու եօթը գիշեր ու 43 էջ նօթեր քաղեցի անոր ատոք հասկերով լեցուն մտածումներէն, ուր կային նաեւ բազմութիւններ։

Հիմա չեմ գիտեր թէ վերանայուած այս մտածումները նախապէս ծրագրուածին նման պիտի զգենո՞ւն 6-8 էջ՝ թէ տասնապատիկը կամ քիչ մը պակաս կամ աւելի։

Չէ՞ր արժեր գիրք մը գրած ըլլալ վարպետ Յակոբեանի մասին:

Եթէ հասնելու ըլլայի ատոր՝ ճիշդ վերնագրած կ'ըլլայի, ճիշդ անուանած կ՜ըլյայի գրուելիք երկին անունը այսպէս.-

«Իմ ու բոլորիս գեղանկարիչ Յակոբ Յակոբեանը»։

Ուրեմն ընթերցածս հատորին անյայտ բայց յայտնեփ տիրոջ՝ Յովհաննէսի այս գիրքին պէտքը չունէի այլեւս։ Զայն յանձնեցի Յակոբեաններուն։

Հիմա արդէն գրուելիքը բոլորինը ընելու ճիգերուն մէջ եմ։

Յակոբեանի միտք բանին մեր ցաւերը գումարումի ենթարկելը չէ, մեզ ինքնաճանաչումի մղելն է, եւ մղելը մեզ՝ որ մեր նուազումները գումարումներու վերածենք։

Միշտ եւ ամէնուր՝ ան եղբայրական սէր ցուցաբերած է հայ տաղանդաւոր նկարիչներու հանդէպ։ Խօսողը իր շրթները չեն՝ սիրտն է.-