Jump to content

Էջ:Մելգոնեացի մը երկու մելգոնիացիներու մասին, Թորոս Թորանեան.djvu/21

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

անկշռելի սէրը իր գեղանկարիչ ընկերներուն հանդէպ, իր մարդասէր հայ ըլլալը, Հայաստանը իր ողջ պատմութեան դրուագներով ներկայացնելը:

«Շող մը կրնայ մութը լուսաւորել»- ըսի։

«Պէտք է վերստին կարդամ Յակոբ Յակոբեան գեղանկարիչի «Ու մերթ լացաւ, Ու մերթ խնդաց իմ հոգիս» երկը, եւ այդ գիրքին ընդմէջէն ներկայացնեմ զինք, ո՜չ թէ մէկ հոգիի տպաւորութիւններով՝ այլ բազմապատկուած, իրմէ իսկ ապրուած խոհերու շարքին բազմաթիւներու խօսքերով հարստացած ելոյթներով։

Բայց Նորա ջան, հայրիկին, պիտի ըսէի վարպետին ինծի համար մակագրած այդ գիրքը մնաց պատերազմական Հալէպի մէջ։ Կը խորհիմ, որ այդ երկը որպէս ռումբ պիտի պայթի այդ արհեստական պատերազմը հրահրողներու գլխուն վրայ»։

Պատրաստակամ Նորան անմիջապէս ոտքի՝ ներսի սենեակէն բերաւ տուեալ երկասիրութիւնը, որու առաջին էջին վրայ կար մակագրութիւնը վարպետին, գրուած՝ «Սիրելի Յովհաննէս...», եւ ստորագրութիւն։

Յակոբեանները կը պահէին այս գիրքը՝ գտնելու համար անմականուն տէրը գիրքին։

Ուրեմն ժամանակաւոր էր տրուած հատորը։ Պէտք էր զայն վերադարձնել, որ երանելի Յովհաննէսը տիրանար անոր՝ վարպետի իրապէս հոգիով ու միտքով, խորախոր մտածումներով երկնուած գիրքին։