Ան հիանալի ձայն ունէր, եկեղեցում սարկաւագ էր եղել։ Եւ ինձ, քրոջս, եղբօրս սորվեցաք (թող սփիւռքի «կարօտի գրականութիւնը» չկարդացուի) «Կռունկը», «Կանչէ կռունկը» եւ հայերէն ուրիշ բառերով երգ մը, որ սկսւում էր «Վառեց երկնքիե մոմերը»...
Ինչո՞ւ անգլիական վարժարան։
Որովհետեւ հայրս երեւի շատ մը հայերու նման հիասթափուելով Կիլիկիայում հայկական պետութեան մը յոյսի կորուստէն, չյուսալով իր կենդանութեան անկախ Հայաստանի մը մէջ ապրելու կարելիութենէն՝ մտածում էր, որ օտարութեան մէջ ապրելու եւ փառքի պայքարին դիմանալու համար անհրաժեշտ էր, որ իր զաւակը օտար լեզուով կրթութիւն ստանար:
Երկու տարի յետոյ Յակոբեանի հայրը կը մահանայ։ Մայրը երեք որբերով մնալով կը դժուարանայ պահել զանոնք։ Յակոբը կ'ուղարկուի Պօղոսեան վարժարան, ապա Կիպրոս Մելգոնեան գիշերօթիկ դպրոց, ուր կը մնայ եօթը տարի։
«Երեխայի համար, կարծում եմ, որ ամենամեծ դժբախտութիւնն է մանկութեանը իր հարազատներու ներկայութենէն զրկուիլը։ Բայց ինչ արած։
Ես իմ կեանքս չեմ պատմում, իմ գրուածքի նիւթը չէ իմ կեանքս, ես ուզում եմ խօսել իմ ապրած կեանքիս փորձառութեան մասին եւ ուզում եմ գրել։
Բայց չեմ կարող չգրել Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մասին՝ ուր ունեցել եմ հայկական բացառիկ փորձառութիւն մը, որ յատուկ է օտարութեան մէջ ապրող շատ քիչ հայերի»։