Jump to content

Էջ:Մելգոնեացի մը երկու մելգոնիացիներու մասին, Թորոս Թորանեան.djvu/25

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Յակոբեանը կը մանրամասնէ Մելգոնեան հաստատութենէն գրելով։

«Մաքուր հայերէնը դպրոցի լեզուն էր հակառակ տարբեր տեղերից եկած հայ երեխաներուն։

Մեր հարազտներուն տեղը սկսում էին գրաւել մեր ընկերները։ Ընկերական կայունութիւնը եւ սէրը հասնում էր գրեթէ հարազատութեան զգացումի։ Մենք դառնում էինք տեսակ մը քոյրեր եղբայրներ, ուսուցիչները՝ տեսակ մը ծնողներ։

Այս վիճակը իմ վրաս անջնջելի հետք թողած է։ Զանոնք տեսնելով հանդիպեցի կարծես եղբօրս, քրոջս կամ հարազատիս»:

Մելգոնեանի մէջ Յակոբեանի նկարչութեան ուսուցիչները եղած են Առաքել Պատրիկն ու Օննիկ Աւետիսեանը, որոնցմէ առաջինը հայրենադարձ՝ որ Բրգնիկի իր ուսուցիչ Վարուժանի մասին խիստ հետաքրքրական գիրք մը հեղինակած է որպէս յուշ, եւ «Հայկական Տարազը» ձեւաւորուած ներկայացուցած է հատորով մը, ցոյց տալով, որ հայերը ունեցած են նաեւ սեփական տարազ։ Առաքել Պատրիկին կը պարտինք այդ գիրքերը։

Իսկ երկրորդը ո՛չ միայն կազմած է հայ նկարիչներու ստեղծագործութեանց նուիրուած երփներանգ օծուն հսկայ մատեան մը յուրախութիւն հայութեան՝ այլ գծագրած է նաեւ հայ տառերու բնօրինակ մը, որ տարածում չէ գտած ընդհանրապէս, բայց օգտագործուած է ուրիշ նկարիչներու կողմէ։

Յակոբ Յակոբեանը իր նկարչական ուսուցիչներուն հանդէպ երախտապարտ եղած է միշտ, բարի յիշելով անոնց