Jump to content

Էջ:Մելգոնեացի մը երկու մելգոնիացիներու մասին, Թորոս Թորանեան.djvu/27

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Կը գտնենք, որ ամէն ինչ ըսուած է ճշմարիտի սահմանին մէջ՝ ազատ մտածողի հոգեկանութեամբ, առանց դիմելու չափազանցութեան կամ ցեխարձակումի։ Մէկ խօսքով Յակոբեանական անմեղութեամբ՝ հեռու չարակամութենէ։

«Թուրքերը ամէն ինչ արեցին մինչեւ վերջին հայը ոչնչացնելու իրենց ծրագիրը իրականացնելու համար, միայն Ռուսական Կայսրութիւնը նոր անունով Սովետական Միութեան ստեղծումը խանգարեց իրենց ծրագիրը։

Այսուհանդերձ վերացե՞լ է հայ ժողովուրդի գոյութեան սպառնացող վտանգը»:

Չարիքի դիմաց Յակոբեանը կը բարձրացնէ հայ հանճարը։

«Թամանեանը իր կեանքով եւ ստեղծագործութեամբ ոչ միայն հայ հանճարի բարձրագոյն ներկայացուցիչն Է այլեւ ողբերգութեան կատարեալ մարմնացում, որովհետեւ իր ստեղծագործութիւնը իր մահովը կիսատ մնացած՝ աղաւաղւում եւ ոչնչացւում Է։

Այստեղ լրիւ մերկ երեւում Է հայու իսկական նկարագիրը՝ իբրեւ խորունկ հիւանդութիւն, եւ այդ հիւանդութիւնը կոչւում է կիսատ-պռատաթիւն, մի գործ մինչեւ աւարտ հասցնելու անկարողութիւն։

Ոչ մի պարագայի չի՛ կարելի մեղադրել Թամանեանը՝ որ Սուրբ մըն Է։ Ինքը երազել Է եւ նախագծել մի քաղաք՝ որ պիտի ըլլար հայ ժողովուրդին ուժը, հպարտութիւնը՝ ամբողջ մարդկութեան աոաջ։ Այսօրուայ բառերով, Թամանեանի