Երեւանի գլխաւոր յատակագիծն է իրաւամբ՝ մեր նորանկախ հանրապետութեան պետական ՀՌՉԱԿԱԳԻՐԸ։
Այստեղ է մեր ժողովուրդի ողբերգութիւնը, որ Թամանեանի գլուխ գործոցը՝ հրապարակը, Օպերան, չի՛ իրականանում ինչպէս հեղինակը կը փափագէր։ Եւ դժբախտաբար, այսպէս է նաեւ մեր ժողովուրդը՝ հանճարեղ կամ կիսատ պռատ։
Յ.Գ.
Մոռցայ յիշելու նաեւ Օղակաձեւ այգին, որ ըստ Թամանեանի նախագծին՝ պէտք է ըլլար գեղեցկուհի Երեւանի պարանոցին զմրուխտի մանեակը, բայց այսօր դարձել է Երեւանի վզին կախաղանի օղակ։ Ինչ որ է, ըսելու այնքան բաներ կան։ Այս անգամ այսքան:
Այսպիսի պատմութիւններէն մէկն ալ յիշեալ հատորին մէկ բաժինն է, այնքան ճշմարտապատում ամէն ինչ՝ «փորձանք» բաժինին մէջ շեշտելու համար։
Չերկարացնենք, գէթ հարիւրէն մէկը ըսենք.-
«Վերջերս մտածում էի, որ փորձանքները անպակաս են մարդու կեանքէն։ Փորձանքները պատահում են նաեւ ժողովուրդների հետ...
Կ'ուզեմ նաեւ շեշտել, որ փորձանքը գալուց առաջ չի՛ նախազգուշացնում...
Ահաւասիկ յիշենք երկու օրինակ։
1988թ.-ի երկրաշարժը՝ որուն պատճառած վնասները չեմ կարծում, որ մինչեւ հիմա հաշուառած են... (կարծէք Յակոբը ոչինչ ըսաւ.- Թ.Թ.)։
Կրնայի՞ն կորուստները անհամեմատ շատ աւելի պակաս ըլլալ: Այո, կրնային ըլլալ։