Jump to content

Էջ:Մելգոնեացի մը երկու մելգոնիացիներու մասին, Թորոս Թորանեան.djvu/41

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

դպրոցի սան-ուսուցիչ մեկնողին։ Ան մեկնեցաւ թրջուած աչքերով՝ ձեռքերով Հաստատութեան պատերը շոյելով մնաք բարով ըսաւ բոլորիս, լացնելով ներկաները։

Սարկաւագեաններու ընտանիքը նոյն տարի (1946) մեկնեցաւ հայրենիք։

Կարպիսը երբ ուսանող էր, շարունակ կը կրկնէր.

— «Հայաստան պիտի երթամ, սորվիմ ռուսերէն լեզուն եւ Ֆ. Դոստոեւսկիի Գարամազով Եղբայրներ վէպը բնագիրէն պիտի թարգմանեմ հայերէնի»։

Ան իրագործեց իր ծրագիրը։ Այդ թարգմանութիւնը ունեցաւ երկու հրատարակութիւն։

Տարիներով խզուեցաւ մեր կապը։

1963-ին բախտաւորութիւնը ունեցայ մենելու Հայաստան որպէս սփիւռքահայ ուսանող։ Մեր բաժանումէն 17 տարիներ ետք Կարպիսին հետ ողջագուրուեցայ հայրենի հողին վրայ։ Ուսմանս շրջանը եօթ տարի տեւեց։ Ընթացքին յաճախ միասին կ'ըլլայինք։ Սուրէնեան դարձած Կարպիսը հրաշալի զրուցակից էր։ Բառին իրա՛ւ հասկացողութեամբ մտաւորական՝ պատմութիւնը, գեղանկարչութիւնը, ճարտարապետութիւնը, հին ու նոր կրօններու պատմութիւնը, երգարուեստի մանաւանդ դասականը գաղտնիքներ չունէին իրեն համար։

Մենք ընտանիքով եկած էինք Հայաստան։ Ես ու տիկինս Արմինէն Երեւանի բժշկական ինստիտուտի ուսանողներ, մեր զաւակները Անին ու Արան Եղիշէ Չարենցի անունը կրող դպրոցի աշակերտներ։

Մեր ծննդավայրը վերադառնալէ առաջ երբ Սուրէնեաններուն ցտեսութիւն ըսելու համար կը գտնուէի իրենց տան մէջ, ըսի անոնց.