— «Սիրելիներ, երբ Հալէպի մէջ հիւրեր ընդունելու համար յարմար տուն ունենամ՝ ձեզ տէր եւ տիկին պիտի հրաւիրեմ երեք ամիսով»։
Կարպիսը թերահաւատ էր այդ մասին։
Մենք նման պայմանի տիրացանք 1994 թ.-ի Գարնան՝ եւ իրագործեցինքն մեր խոստումը։
Կարպիս Սուրէնեանը մինակը պատասխանեց մեր հրաւէրին, քանի որ Սուրէնեաններու բժիշկ որդին ու անոր տիկինը աշխատանքի մէջ ըլլալով՝ իրենց զաւակին պահող մը պէտք էր:
Մեր հրաւէրը ունէր ծրագիր, որոնցմէ մէկ քանին դասախօսութիւններ կազմակերպելն էր Հ.Բ.Ը. Միութեան Հ.Ե.Ը.-ի սրահին մէջ։ Լեցուն սրահի առջեւ տեղի ունեցան Սուրէնեանի ուսանելի դասախօսութիւնները։
Սուրէնեանը ճանչցաւ մեր հայագաղութը՝ եւ գաղութն ալ ճանչցաւ զինք։
Արձակուրդի այդ օրերուն Սուրէնեանին դէպի հնավայրեր տանելու առիթները ստեղծեցինք, տանելով զինք Սիմոն Սիւնակեացի բաց թանգարանը, ապա Աբուլալա Մահարի Սուրիացի բանաստեղծին թանգարանը, հուսկ՝ Փալմիր։ Փալմիրի ողջ պատմութիւնը անգիր գիտէր Սուրէնեան։
Առիթէն օգտուելով շարունակեցինք մեր ճամբան դէպի Պէյրութ։
Հոն Մելգոնեան Սանուց Միութեան տղաքը դիմաւորեցին մեզ, կազմակերպեցին դասախօսական երեկոներ, ծովագնացութիւն, արշաւ դէպի հնավայրեր՝ Պաալպէք, հին հայկական որբանոց, Ճըպրան Խալիլի ծննդավայր, նոյնպէս Միխայիլ Նաիմէ բանաստեղծին հետ տեսակցութիւն՝ անոր հրատարակած գիրքերու տեսութեամբ։