Էջ:Մելգոնեացի մը երկու մելգոնիացիներու մասին, Թորոս Թորանեան.djvu/44

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

եւ հայ ու միջազգային դասական երաժշտութեան ակունքներուն ուղղեալ։

Անշուշտ բոլոր մեծութիւնները կային այդ հարցումներուն մէջ՝ սկսեալ Կոմիտասէն, Պեթհովենէն, Խաչատուրեանէն, Շոբենէն, Թորամանեանէն, Անիէն, Աղթամարէն, ու շատ շատերէն, հասնելով նոյպէս Այա-Սոֆիա ու սուրբ Հռիփսիմէ...

Այդ գաղտնագրութիւնս լոյսին բերուեցաւ Երեւանի մէջ 2003 թ.-էն, հետեւեալ խորագիրին տակ. «Զրոյցներ Կարպիս Սուրէնեանի հետ»:

2015 թ.-ին վերադարձայ Հայաստան վերջնական կեցութեան համար։

Խնկո Աբէր գրադարանի սրահին մէջ երեկոյթ մը կազմակերպուած էր նուիրուած Կարպիս Աուրէնեանի ծննդեան 90-ամեակին, որուն կը միացուէր Սուրէնեանի «ՈԳՈՒ ԱՄՐՈՑՆԵՐ» երկսիւնակ հայերէն-անգլերէն լեզուներով գրքին շքեղ հրատարակութեան շնորհանդէսը։

Անոր վաստակը բարձրօրէն գնահատող ինը մտաւորականներ խօսք առնելով այս հեղինակը անուանեցին բարձրաուեստ էսսէիստ, ու նոյնքան մեծարժէք թարգմանիչ։

Երեկոն լրջօրէն գնահատելի կը ղեկավարէր յայտնի գրականագէտ ու արուեստաբան Երուանդ Տէր Խաչատրեանը։

Բախտաւոր գիրք մըն է այս հրատարակութիւնը լոյսին եկած երեք հեղ։ Առաջինը Երեւանի մէջ 1982 թ.-ին, երկրորդը 1994 թ. Հալէպի մէջ ճիգերովն ու յառաջաբանովը Թորոս Թորանեանի, եւ Հ.Բ.Ը. Միութեան հովանաւորութեամբ, իսկ երրորդը դարձեալ Երեւանի մէջ 2015 թ.-ին գրողին արժանի այս գեղազարդ հրատարակութեամբ։

Ափսո՜ս որ այս գնահատելի երկը լոյսին եկաւ հեղինակի մահէն ետք։