Jump to content

Էջ:Մելգոնեացի մը երկու մելգոնիացիներու մասին, Թորոս Թորանեան.djvu/43

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Միխայիլ Նաիմէն եղած էր Լիբանանցի այն գրագէտը՝ որ Ռուսիա մեկնելով տեսակցած էր Ալ. Թոլսթոյի հետ, օգտագործելով ռուսերէն լեզուն, ու զարմացնելով մեծ գրողին։

Նաիմէն ռուսերէնը սորված էր իր ծննդավայր Պիսքէնթէ աւանի ռուսական եկեղեցիին մէջ։

Հրաշքներ ամէն տեղ ալ կը պատահին։

Վերադարձ Հալէպ։

Մեր առաջարկին ընդառաջելով Հալէպի Հ.Բ.Ը. Միութիւնը մեր յառաջաբանով հրատարակութեան յանձնեց Սուրէնեանի «Ոգեղէն Ամրոցը» գիրքը, նոյն 1994 թ.-ին։

Սուրիան ու Լիբանանը յարգանքով ընդունեց Սուրէնեանը, որ մէկնելէ առաջ յայտարարեց.

— «Ինչպէս Հայաստանը պատմական ու գրաւեալ, ինչպէս այսօրուան կրճատուած մեր երկիրը բաց թանգարաններ են երկինքի տակ նոյնպէս ալ Սուրիան ու Լիբանանը»։

Կարպիս Սուրէնեանը մեկնեցաւ Երեւան։ Կարճ միջոց մը ետք իրմէ նամակ մը ստացայ Լոս Անճելըսէն։

Արտագաղթա՞ծ էր, ո՜չ, ան երկրին զաւակն էր։ Ազգականներ քանի մը շաբթուան համար զինք հրաւիրած էին Ամերիկեան հրեշտակներու քաղաքը, ուրկէ ան կը գրէր ինծի.

— «Սիրելի Թորոս, կը նախընտրեմ Երեւանի մէջ հացի համար կէսգիշերին հերթի կենալ մինչեւ առաւօտ քան ապրիլ ԱՄՆ-ի մէջ։ Հին գրամեքենայ մը ունիմ, կը չխչխկացնեմ, պատմուածք մը կը գրեմ, թարգմանութիւն մը կը կատարեմ, հայերէն նոր բառ մը կը ստեղծեմ... ասոնք են երջանկութեանս աղբիւրները, նաեւ մեծցող թոռնիկս ու մեր ընտանիքը։ Հողին վրայ, հողին հետ ապրիլն է ճիշդ»։

Հալէպ մնալու ընթացքին այս սիրելի բարեկամիս զանազան հարցումներ տալով պատասխանները կը գաղտնագրէի, յատկապէս հարցերը կեդրոնացնելով հայկական ճարտարապետութեան