Jump to content

Էջ:Մելգոնեացի մը երկու մելգոնիացիներու մասին, Թորոս Թորանեան.djvu/5

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

«Հայրենիքը գանձատունն է մեր ժողովուրդին»


Իմ ու Բոլորիս գեղանկարիչ ՅԱԿՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆ-ը ամբողջ եօթը տարի եղած է սանը Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթ. Հաստատութեան։

Անձամբ նոյն հաստատութեան մէջ ուսանած եմ 1944-1946 կրթական տարիներուն։

Հակառակ այն իրողութեան, որ Յակոբեանը մեկնած է դէպի իր ծննդավայրը Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս), իր անունը յաճախ որպէս գեղանկարիչ կը յիշուէր աշակերտութեան միջեւ։

Յակոբեաններու ընտանիքը 1962 թուին որպէս հայրենադարձ եկաւ հաստատուելու Հայաստան։

Երկիր գալու այս հանգամանքը տասնամեակներու երազի մը իրագործումն էր։

Յակոբեանը ի հօրէ եւ ի մօրէ Այնթապցի, երբ եկաւ՝ ունէր երկու դուստր։

Գեղանկարիչին հայրը վաղուց մահացած էր, բայց մայրը՝ ոչ։ Ուրեմն այս ընտանիքը կը բաղկանար հինգ հոգիէ։

Երեխաները սկսան յաճախել դպրոց, իսկ Յակոբեանը գտնելով իր հայրենիքը գտաւ իր նիւթը, եւ սկսաւ նկարել։ Իսկ Մարին Յակոբին տիկինը, Փարիզի մէջ ուսանած մօտելիստ, կար ու ձեւի վարպետ մըն էր արդէն, նկարելու հակամէտ, կարծէք Կալենցներու զոյգին նման։

Իմ կարգիս, երբ 1963 թ.-ին եկայ Հայաստան որպէս սոսկ այցելու՝ լսեցի թէ Յակոբեաններու ընտանիքը արդէն տեղաւորուած է Լենինականի մէջ։

Այցելուս եկած էի քանի մը օրուան համար՝ բայց այդ մի քանի օրը վերածուեցաւ եօթը տարիներու, եւ ընտանիքս ալ