միացաւ ինծի։ Մենք չորս հոգի էինք։ Երեխաները դարձան աշակերտներ, մենք տէր եւ տիկին՝ բժշկական համալսարանի արտասահմանեան ուսանողներ։
Օր մը կ'ուզէի հանդիպիլ Յակոբեաններուն։ Առիթը կը պակսէր։ Այդ օրերուն Խորհրդային հպատակութիւն չունեցող ուսանորղներուս համար առիթ չէր տրուեր Երեւանի շուրջբոլորէն հեռուները երթալու։
Բայց ահա սպասուած առիթը ներկայացաւ ինծի։ Այդ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան 40-ամեակն էր։
Քառասնամեակի հանդիսութիւնը նշուեցաւ Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային կապի կոմիտէի կողմէ, հաստատութեան սրահին մէջ՝ ուր որպէս հայրենադարձ ներկայ էին բազմատասնեակ Մելգոնեանցիներ։
Կիպրոսէն՝ Մելգոնեան Կրթ. Հաստատութեան այդ օրերու տնօրէն Պրն. Ասատուր Պետեանը նամակով մը դիմած կ'ըլլայ Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի ընկերութեան նախագահ ընկ. Համազասպեանին, որ Մելգոնեանցիներէս մէկուն առաջարկուի գրել յօդուած մը, ընդունելի ծաւալով, հատորի մը մէջ հրատարակելի հետեւեալ վերնագիրին տակ. «Մելգոնեանցիները Հայաստանի մէջ»։
Եւ քանի որ Մելգոնեան Կրթ. Հաստատութեան 40-ամեակի Երեւանեան հանդիսութեան ինծի համար եւս հինգ րոպէ խօսելու առիթ տրուած էր, ուր կրցած էի յայտարարել, որ «Այդ հաստատութեան մէջ այն սանը որ մայրենի լեզուի եւ Հայոց պատմութեան քննութիւներուն անբաւարար նիշ կը ստանայ՝ կը կրկնէ դասարանը, եթէ նոյնիսկ միւս դասերուն ստանայ գերազանց նիշ», հետաքրքրութիւն ստեղծած էր։