Jump to content

Էջ:Մելգոնեացի մը երկու մելգոնիացիներու մասին, Թորոս Թորանեան.djvu/51

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

–«Հին Արեւելքում բոլորովին այլ էր մօտեցումը։ Աստուածային զօրութիւնը նոյնացտւմ էր արքայական միահեծան իշխանութեան հետ, արքան գլխաւոր աստուծոյ ներկայացուցիչն էր յաճախ նոյնիսկ առասպելաբար նրանից սերուած։ Այս կրօնաքաղաքական փիլիսոփայութիւնը իր ազդեցիկ արտացոլումն էր գտնում հենց պաշտամունքային ճարտարապետութեան մէջ։ Կառոյցներն իրենց ահռելի զանգուածով, ճարտարապետական ձեւերի գերաչափ վիթխարիացմամբ պէտք է ճնշող մոնումենտւսլութիւն ստեղծէին, որի առաջ պէտք է հիւլէանար ահ ու պատկառանք զգար մարդ էակը»։

Ահա թէ ուր կը հասնի մարդ էակը այդ փիլիսոփայութեան որպէս արդիւնք։

Եգիպտոսի բուրգերը, հնդկական ու չինական տաճարները, Եւրոպայի պալատանման տաճարները իրենց գեղագիտական հանգամանքով հանդերձ մարդը հիւլէի կը վերածեն, իրենց արձանապատ չափազանցութիւններով։

Իսկ հայ ազգային ճարտարապետութիւնը մարդուն է որ կընդունի որպէս յարգելի չափանիշ։ Նկատի ունեցէք Եգիպտոսի Լիւքսորը, Կառնակը, Հնդկաստանի Գոպուրան, Փորթուգալիայի Ազգային պալատը, Միլանի մայր տաճարը, Հռոմի Ա. Պետրոսի տաճարը, թոլորն ալ գեղագիտական առումով գովելի բայց ծաւալի առումով մարդ էակը փոքրացնող են։

Իսկ «Համաշխարհային ճարտարապետութեան գլուխ-գործոց Պարթենոնը իր ամէն մի նրբակերտ մանրամասնով եւ իր պարզ, մոնումենտալ ամբողջականութեամբ կատարեալ մի ներդաշնակութիւն, մարմնացեալ իդէալը դարաշրջանի, նաեւ յաւերժական մարդկայնութեան իդէալը աշխարհի առաջ, վերջապէս նաեւ, ասես խորհրդանիշը բուն իսկ Կոսմոսի հենց վերոյիշեալ ըմբռնումով»։

Հոս, հեղինակը այսպէս կ՚աւարտէ իր խօսքը.