–«Ել ահա, իրոք, մի՞թէ զարմանալի չէ որ հայ ճարտարապետութան մէջ սկզբից մինչեւ վերջ գործել է մարդու հետ համաչափ կսաուցելու սկզբունքը, որ կարելի է նկատել իւրօրինակ, եւ կամ այսպէս ասենք փիլիսոփայական մի կանոն, կառուցողական-տեխնիկական եւ մանաւանդ գեղագիտական կանոնները խորքից իմաստաւորող։ Շէնքը լինի տաճար, ժամատուն կամ մատենադարան իր արտայայտիչ, ասես մտերմօրէն խստաշունչ արտաքինով կանչում է նահապետական հարազատ տան նման, ակնածալից խորհրդաւորութեան հետ նաեւ գրեթէ ընտանեկան սրտակցութիւն ներշնչելով մարդուն, այլ ոչ թէ ճնշելով ահիւ ու երկիւղիւ»։
Հատորը իր լրումին կը հասնի Մարմաշէնով ու Կեչսառոյ– քով, ու վերջապէս «Անանուն Լմբւստեցի» իրապէս հոյակապ էսսէով ուր տագնապ ու սէր, եւ հոգեկան լիացում զիրար կը համալրեն միասնութեամբ, ցոյց տալով հեղինակի ամբողջական,– անանձնական նուիրումը հանդէպ հայ ազգի ճարտարապետութեան։
–«Ես այժմ խոր երկիւղածութեամբ խոնարհւում եմ հայ եւ համաշխարհային մշակոյթի այդ եզակի, այդ թախծալուր ու հպարտ կոթողի առաջ որ մենաւոր կանգնել է այս լերկ ու ժայռոտ ամայութեան մէջ, կանգնել անձնաւորուած վեհութեամբ դարերի խորքից Անանուն Լմբատեցու պատգամը մարմնացեալ։
Ես այնտեղ հանճարը տեսայ»։
Մեր կրճատուած հայրենիքին հպարտ քաղաքացին եղաւ իրաւամբ Կարպիս Սուրէնեանը, որ օր մը անպայման յիշուի նաւե ամբողջական ազատագրելի Հայաստանի բոլոր բեմերէն։
Երեւան, 19 Մարտ, 2016 թ.