Չերկարեմ, կոմիտէի նախագահ ընկ. Համազասպեանը խնդրուած վերոյիշեալ նիւթը մշակելու գործը յանձնեց այս տողերը գրողին։
Մեծ էր ուրախութիւնս։ Մելգոնեանցիներ կային ոչ միայն Երեւանի մէջ՝ այլ կային նաեւ հեռու ու մօտ քաղաքներու մէջ։
Ահա՛ Լենինական երթալու առիթը։ Տարին 1964 էր արդէն։
Յակոբեաններու բնակարանը գտնելը դժուար չեղաւ։ Երբ թակեցի դուռը՝ տիկ. Մարին եղաւ բացողը, ու ինծի հետ եկած քամիէն Յակոբեաններու տուն մտաւ ձիւնի հսկայ կոյտ մը։ Մենք գրկախառնուեցանք որպէս վաղեմի բարեկամներ՝ զի Մելգոնեանցի ըլլալը անցագիր կ'ըլլար արդէն։ Բայց հրաշք, երբ Յակոբին հետ գրկուած էինք՝ հոն գտայ Մինասը։ Իրապէս հրա՛շք։ Ու այս հրաշք տղան մօտենալով ինծի ըսաւ.-
«Այնքա՛ն լսած եմ Մելգոնեանցիների մասին՝ որ ես ինձ Մելգոնեանցի եմ համարում» :
Ուրախութիւնս կրկնակի էր՝ չըսելու համար բազմակի։ Չափազանցութիւն մի՛ նկատէք խնդրեմ, այդ օրը ծանօթացած եղայ՝ եւ ա՛նձնապէս ծանօթացած, երեք գեղանկարիչներու։ Այսպէս արտայայտուելուս իրաւունքը յետոյ եկաւ Մարի Յակոբեանէն՝ երբ Երեւանի մէջ երկու ցուցահանդէսով հանդէս եկաւ շնորհալի տիկին Մարին։
Տեղւոյն վրայ ստացայ հրատարակելի նիւթս։
⁂
Յակոբ Յակոբեանը ծնած է Ալեքսանդրիոյ մէջ 1923 թ.-ի Մայիսի 16-ին։ 1934-էն 1941 Մելգոնեան Կրթ. Հաստատութեան սան է։ Երբ կը փոխադրուի Գահիրէ՝ զինք կը գտնենք մայրաքաղաքի Գեղարուեստից Ակադեմիային մէջ։ 1952-էն