Այս էջը հաստատված է
Յակոբ Յակոբեանը 1986-ին կ'արժանանայ ԽՍՀՄ–ի մրցանակին։
1988-ին ԽՍՀՄ–ի Գեղարուեստից Ակադեմիայի թղթակից անդամն է։
Այս տարիներու ընթացքին հանդէս եկած է բազմաթիւ անհատական ցուցահանդէսներով Միութենական զանազան քաղաքներու եւ արտասահմանի մէջ, ստանալով մրցանակներ։ Կարեւորագոյնը Հայաստանի անկախ հանրապետութեան առաջին նախագահէն ստացած պետական «Մեսրոպ Մաշտոց» մրցանակը կ'ըլլայ։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ կը պարգեւատրուի «Ս. Սահակ ու Ս. Մեսրոպ» շքանշանով։
Ըսած եղանք, որ Յակոբ Յակոբեանը գտած էր իր նիւթը Հայաստանը, որ իր հոգիին մէջն էր իր մանկութենէն սկսեալ, որ արդ դարձած էր ո՛չ միայն ընկալելի՝ այլ նաեւ շօշափելի։ Իր հոգիին Հայաստանն էր՝ որ կը նկարէր ան։