Jump to content

Էջ:Նոր Մարաշ, Թորոս Թորանեան.djvu/8

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Անոնք գիտէին, թէ սփռուած մարաշցիները մամուլով կրնային բերել իրար մօտ Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկաներէն, Եւրոպայէն ու Արաբական աշխարհէն մինչեւ Հալէպ։ Անոնք գիտէին, որ միայն միանալն է, որ զօրութիւն կը յառաջացնէ, ու անցան գործի։ Եւ ինչպէս արձանագրուած թուականները ցոյց կու տան, այս պար- բերականը «Նոր Մարաշ»ը ընդհանրապէս լոյս տեսնելով 32– 52 էջերով եւ 22-29 սմ ծաւալով կրցաւ գոյատեւել 1946-1961 տարիներուն։ Դադարը մահ չէր նշանակեր սակայն։ Մամուլը, տարագրուած մարաշցիներու մօտ վերստին կեանքի պիտի կոչուէր կրկին ու կրկին անգամ, քանի պտղատու ծառը՝ Հայրենակցական միութիւնն ու Վւսսպուրական նախ մարզական, ապա՝ մշակութային միու– թիւնը կանգուն էր ու կը գործէր, կը գործէ մինչեւ այսօր երբ տարագրուած հայերն ու նոր ծնած սերունդը տակաւին կառչած կը մնան իրենց Մարաշի յիշատակներուն, իրենց վաղեմի դպրոցներուն, եկեղեցիներուն, ա.ղջկանց գոլէճին, հնամենի սովորութիւններուն, Մարաշի հայ մայրերու ձեռքով բանուած զարդանախշերուն եւ... ի՛նչ որ հայկական է։ Այս իմաստով, անդրադառնալէ ետք «Նոր Մարաշ» պարբերականի 1946– 1961 տարիներու ընթացքին լոյսին բերուած թիլերուն բովանդա- կութեան, պիտի խօսինք նաեւ Մարաշի Հայրենակցական ու Գերմանիկ Վասպուրական Մշակութային Միութեան այլ հրատարակութխններուն շուրջ։ Այժմ՝ «Նոր Մարաշ» պարբերականը։