Jump to content

Էջ:Պատիւ Այնթապահայութեան եւ․․․ խօոք արկածահարեալէս, Թորոս Թորանեան.djvu/14

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

մեծ թիւ յաջողած էին նոյնիսկ պատրաստել ռումբ։

1920ի Ապրիլի մէկին խաղաղ երկինքը պատռելով թուրքերը անցան յարձակումի։ Իրաւ Ապրիլ մէկ մըն էր։ Հայերը հասցուցած էին բարձրացնել պատնէշներ։ Շուրջ 400 զինավառ տղաք անցան գործի։

Չինարլը Ճամիի աշտարակէն ու գմբէթէն դիւրին էր որսալ հայերը։ Մեր տղաքը կրցան խորտակել այս ճէմիին գմբէթն ու աշտարակը կրակի ահաւոր կէտ մը լռութեան մատնելով։

Գործի դրուողը «Վրէժ» թնդանօթն էր։

Այս թոհուբոհին մէջ ընդհանուր մատակարար Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. պապայեանը պէտք էր սննդամթերքի արդար բաժանում մը կատարէր։ Ունեցողներէն չունեցողներուն բաժնելու համար առաջին կարեւորութեան նիւթեր ցորեն, գարի, ձաւար, իւղ, ձէթ, մեղր, պիստակ, ալիւր մէկտեղուեցան կեդրոններու մէջ եւ հաւասար չափով բաժնուեցան ժողովուրդին։

Զգացուեցաւ աղի պակաս։ Այնթապցին գիտէր որ փուռերու հնոցներուն յատակը մեծաքանակ աղ կ՚ըլլար, որպէսզի փուռը տաք մնար, ուստի հաւաքեցին փուռերու աղը եւ կուց-կուց բաժնեցին ընտանիքներու։ Աղի պակասը կրնար հիւանդութիւններու պատճառ դառնալ։

Օղի, այլ խմիչք խմել արգիլուած էր խստօրէն։ Զինուորը պէտք չէ գինովնար։

Ընտանեկան վէճերը հարթելու համար յատուկ յանձնախումբ մը հաշտարարի իր դերը կը կատարէր։

Ըսինք, կար հրշէջ խումբ, հիւանդութեանց պարագային բուժօգնութեան մարմին, ոստիկանութիւն, հայկական թաղեր մուտք գործող թուրքերու պատժելիութիւնը հաստատող գաղտնի ոստիկանութիւն։

Մէկ խօսքով այնթապահայերը փոքր պետութիւն մը հիմնած էին անակնկալի բերելով թուրքերը իրենց կազմկերպուածութեամբ եւ արիութեամբ։

Հալէպի հայերը իրենց բարեգործականով եւ այլ կազմակերպութիւններով օգնութեան կը փութային իրենց եղբայրներուն