Jump to content

Էջ:Պատիւ Այնթապահայութեան եւ․․․ խօոք արկածահարեալէս, Թորոս Թորանեան.djvu/22

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ԻՐ ԿԱՐԳԻՆ

Հայրենիքը իր կարգին, ընդառաջելով Լոս Անճելըսի Այնթապու Հայրենակցական Միութեան խնդրանքին, 1970թ.ին պետական որոշումով Երեւանէն ոչ հեռու Արարատեան դաշտին մէջ գտնուող Թազա գիւղը կը վերակոչէ Այնթապ։

Ուրեմն, 1970ին Սփիւռքի այնթապահայերը հայրենի հողին վրայ կ՚ունենան ուխտավայր մը՝ Նոր Այնթապը։

Այդ շրջանին, Երեւանի մէջ եւս կազմուած էր Այնթապու Հայրենակցական Միութիւն մը, որուն առաջին ժողովներէն մէկը տեղի ունեցած էր իմ ուսանողի տանս մէջ, ուր ներկայ էին այնթապահայեր՝ մեծ հայրենասէր Ճորճ Կարապետեանը, հայրենադարձ Պաղեստինէն, խմբագիր եւ հրատարակիչ՝ Եղիա Տոլպագեանը՝ Պէյրութէն, Ենովք Կրպոյեան ատամնաբոյժն ու պատմաբանը Հալէպէն, բոլորն ալ հայրենադարձ, կարգ մը այլ այնթապահայերու հետ հիմը դրին Հայրենակցական Միութեան։

Առ այսօր այս Հայրենակցականը կը շարունակուի պատուոյ նախագահութեամբը գեղանկարիչ՝ Յակոբ Յակոբեանին ու նախագահութեամբը առժամապէս Լոս Անճելըս ապրող երգիչ՝ Յարութիւն Կարապետեանին։ Հոն, Սարգիս եւ Վազգէն Կրպոյեան եղբայրները սերտօրէն ներգրաւուած են Միութեան աշխատանքներուն մէջ։

Հայրենակցականը ունի ընդարձակ հողաշերտ մը Նոր Այնթապի մէջ պաշտօնապէս յատկացուած պետութեան կողմէ, ուր բարձրացուած է Այնթէպահայ երեք հերոսներուն յուշարձանը եւ դաշտին մէջ կայ բազմակ ցայտաղբիւր։

Ա. Ա. Միութիւնը մասնաւորապէս Պոսթոնէն եւ Լոս Անճելըսի Այնթապու Հայրենակցական Միութիւնը իրենց գոյութեան օրերէն միշտ օգնած են Մերձաւոր Արեւելքի մեր գաղութներուն։

Այսօր ալ Լոս Անճելըսի մէջ գործող Այնթապու Հայրենակցական Միութիւնը պատուոյ նախագահութեամբ դէպի իր 95րդ տարին յառաջացող նուիրեալ մտաւորական՝ Երուանդ Պապայեանի, եւ նախագահութեամբ իր 80րդ տարին թեւակոխող եռանդուն Պրն. Աւետիս Տէմիրճեանի կը շարունակէ հայրենակիցները իր