Jump to content

Էջ:Պատիւ Այնթապահայութեան եւ․․․ խօոք արկածահարեալէս, Թորոս Թորանեան.djvu/21

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Վարդանեան մանկապարտէզ (1899– 1915), Lուսինեան (1909-1915), Միսիս Շէփըրտի գիշերային վարժարան դպրոցները։

Տիրամայր Մարիամ Վարժուհին (Տիկ. Պուրունսըզեան) ունեցած է ուսուցչական յիսնամեայ ծառայութիւն (1896-1946) Այնթապ ու Հալէպ։

Անգլիա ուսանած Արաքսի Ճէպէճեանը թուրք մը մերժած ըլլալուն համար կախաղան բարձրացուած է Այնթապի մէջ։ Իսկ նոյն պատճառաւ Իսկուհի, Ազնիւ եւ Ենովա քոյրերը խիզախօրէն ինքզինքնին յանձնած են Եփրատի ալիքներուն։

Այնթապահայերը 1860ականներէն սկսեալ զարթօնքի շըրջան մը ապրելով 1892ին երկու աշակերտուհի կը ղրկեն Պոլիս, որպէսզի անոնք՝ Մարիամ Ալաճաճեանն ու Կիւլենիա Մինասեանը չորս տարի ուսանին Դպրոցասէր Տիկնանց վարժարանին մէջ ու վերադառնալով ծննդավայր, ազգին ծառայութեան մտնեն հայկական վարժարաններու մէջ։

Կրնաք երեւակայել, որ այս զոյգը ջորիով վեց օրէն կը հասնին Իսկէնտէրուն ու ապա շոգենաւով Պոլիս, եւ չորս տարի հոն ուսանելէ ետք կու գան Այնթապ ու կը ծառայեն հայ դպրոցին։


ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼ - ՆԱԵՒ ՀԱՅԱՏԱՌ ԹՐՔԵՐԷՆ՝
ԱՅՆԹԱՊԻ ՄԷՋ

1874ին այնթապահայերը «Դրախտ» ձեռագիր թերթը կը հրատարակեն Մեսրոպեան Սանուց վարժարանին մէջ։ Կ՚ունենան նաեւ 1908ի Սահմանադրութենէն առաջ՝ «Մենտոր»ը, 1872ին՝ «Այնլէպէն»ը, 1875ին՝ «Բիւրակն»ը, 1876ին՝ «Եդեմ–Ադէն»ը, 1876ին՝«Շիրակ»ը, 1877–78ին՝«Դրախտ»ը. 1878ին՝ «Սէտայը–Հագիգաթը», 1897–1900ին «Առաջին Քայլեր»ը, 1898–1899ին՝ «Դողղոջուն Քայլեր»ը. 1909ին՝ երգիծական «Շամպապինօ»ն, 1909ին «Ճշմարտութեան Նշոյլներ»ը, 1911ին՝ «Ենի էօմր»ը, 1914ին՝«Հագիգաթ»ը, «Ուսումնասիրաց»ը եւ 1914–15ին՝ «Կիլիկիա»ն։

Իսկ 1908ի Սահմանադրութենէն եւ Հիւրիէթէն ետք Այնթապի մէջ առաջին տպարանը հիմնողը կ՚ըլլայ Վահան Մ. Քիւրքճեանը։