Էջ:Պատիւ Այնթապահայութեան եւ․․․ խօոք արկածահարեալէս, Թորոս Թորանեան.djvu/29

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է
ԳՐԱՌՈՒՄՆԵՐ
ԱՐԿԱԾԱՀԱՐԻ ԱՆԿՈՂԻՆԷՍ

Մարտ 13, 2008

Այս փոքր անկիւնը ուր պառկած եմ հիւանդ, մտորելու առիթներ կու տայ ինծի․․․ Մեր երկիրը տուած է շարք մը կոչումով դոկտորական ունեցողներ, որոնք պաշտպանած են թեկնածուականը, որոնցմէ յիշենք Պարոյր Սեւակի, Սայաթ Նովայի մասին պաշտպանութիւնը, որ տեղի ունեցաւ 1969 թուականին, այդ ժամանակ «Կարմիր Բանակայիններ» կոչուած պողոտային վրայ, ոչ հեռու «Ձկան» խանութէն։ Իր ընդդիմախօսն էր նշանաւոր Սայաթ Նովայագէտ Մորուս Հասրաթեանը։ Ժողովուրդը շէնքէն դուրս յորդելով, տարածուած էր մինչեւ հանրակառքի գիծը։ Ես ալ հոն էի։

Յանկարծ բերնէ բերան փոխասացութեամբ ըսուեցաւ, որ փրոֆ․ Մ․ Հասրաթեան սկսած է լալ ու ըսեր․

― Կ՚ուզէի որ ամէն ուսանող այսպէս յաղթէ իր դասախօսը։ Ես պարտուած եմ ու կը շնորհաւորեմ Պարոյրի թեկնածուականը։

Այդ պահուն ժողովուրդը միաձայն սկսաւ վանկարկեր «Դոկտորական տալ»...

Այդպէս ալ Պարոյր Սեւակի թեկնածուականը վերածուեցաւ դոկտորականի։

Այլ դոկտորականի մը պաշտպանութեան ալ ներկայ եղած եմ։

60ականներու սկիզբներուն էր։

Լեւոն Հախվերդեանի դոկտորականը, նիւթ ունենալով Յ. Թումանեանի ամբողջական երկերը։

Այդ տարիներուն մեր երկիրը կը սլանար յաղթանակէ յաղթանակ, արուեստներու գիտութեան, ճարտարապետութեան ու թեքնիքի բոլոր ասպարէզներուն մէջ։ Հայը տիեզերանաւ ստեղծեց։ Կորիյէֆը Գր․ Գուրզադեանն էր, իր շուրջ հաւաքած 500 ճարտարագէտ եւ գիտնական, բոլորը հայեր։ Իրենց աշխատավայրը Գառնիի ձորաբերանի