Jump to content

Էջ:Պատիւ Այնթապահայութեան եւ․․․ խօոք արկածահարեալէս, Թորոս Թորանեան.djvu/32

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Հոն էին գրական հակումներ ունեցող Յակոբ Նալպանտեանը եւ ճարտարապետ Սարգիս Պալմանուկեանը։ Հոն էր նաեւ Լոս Անճելըսի Հայ գրողներու Միութեան նախագահ՝ Թորգոմ Փոստաճեանը:

Զանգեց բարեկամս Յակոբ Ապաճեանը: Ան Քեսապի մէջ առանձնատուն մը ունի եւ տարիներէ ի վեր կ’առաջարկէր, որ քանի մը օրով միասին վայելենք գեղատեսիլ տեսարաններու նայող իր տունը։ Հորիզոնի սահմանին վրայ կ’երեւէր Օրտու թրքական գիւղը, որ անցեալին հայոց պատկանած է: Անցեալ տարուան մէջ, օր մըն ալ ելանք գացինք։ Երկրորդ օրուան երեկոյեան, Յակոբը ըսաւ, թէ յաջորդ առաւօտ պիտի արթննայինք ու խնձորները քաղելու պիտի իջնէինք։ Ըսւածէն պէս, ես կանուխ զարթնեցայ ու խնձորները առանձինս քաղելէն ետք, Յակոբին սենեակին դուռը թակելով սկսայ երգել «Առաւօտ լուսոյ»ն... Ձայնիս վրայ արթնցաւ եւ... ի՜նչ տեսնէր... բոլոր խնձորները քաղուած էին...

Այսօր զանգեց Յակոբը ու ըսաւ.

— Թորոս, խնձորները քաղելու ժամանակը մօտ է: Ե՞րբ պիտի երթանք Քեսապ։ Պայմանաւորուեցանք։ Յակոբ առողջութեանս համար ալ մաղթանքներ ըրաւ։ Այսպիսի բարեկամներ ունիմ։

Հալէպի Հայ Գրողներու Համախմբումի հրատարակած «Երթ» տարեգիրքի երրորդ թիւի շնորհահանդէսին առիթով, սրահը ծայրէ ի ծայր լեցուն եղած է։ Այդ մասին օր մը առաջ զիս տեղեակ պահեց Վարդի Քէշիշեանը: Ես, կարճ գրութիւն մը թելադրած էի, ուր գովքը հիւսած էի նորերուն եւ միասնականութեան կոչ ըրած։ Այդ գրութինը Վարդին կարդացած էր բազմութեան ներկայութեան: Բոլորը միաժամանակ տեղեակ եղած են, որ ես արկածահար եղած եմ։ Ներկաները խմբովին առողջութիւն մեղթեր են ինծի: Այս լուրը յաջորդ օր ինծի հաղորդեց գեղանկարիչ Հրազդան Թոքմաջեանը, որ իր կնոջ հետ բարի մաղթանքները Հաղորդելու համար հիւանդանոց այցելեցին օրիօրդներ Նանոր Ինճէճիկեանն ու Պերճուհի Աւետեանը, երկուքն ալ խօսեցան մեր գրական կազմակերպութեան անունով: Գրական հաճելի երեւոյթներ քննեցինք: Նանորը ըսավ.

— Արդեօք դասախօսութեա՞ն մը ներկայ գտնուէինք, թէ գայինք