Jump to content

Էջ:Պատիւ Այնթապահայութեան եւ․․․ խօոք արկածահարեալէս, Թորոս Թորանեան.djvu/45

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Այսպէս պէտք է ըլլայ հայուհին։

Սարգիս Քէշիշեանը 70ականներէն սկսեալ բարեկամս է։ Հայ կաթողիկէ, քաղցրահունչ ձայնով մարդ մը, որ տարիներէ ի վեր «Քընար» երգչախումբին տեւականութեան կը ծառայէ Դամասկոսի մէջ: Հայ երգն է իր ուղեցոյցը, որուն ընտանեօք կը ծառայեն։ Երրորդ անգամն է, որ որպիսութիւնս կը հարցնէ։ Ահա ուրիշ Սարգիսի մը կանչը, նոյն Դամասկոսէն, որ յայտնի է «Օրթախ» ծածկանունով. մականունը՝ Գազանճեան։ Շրջանաւարտ եղած է Դամասկոսի համալսարանէն, որպէս ատամնաբոյժ ու փոխանակ մարդոց ատամները բուժելու, զբաղեցաւ երաժշտական գործիքներու վաճառքով, մարդոց սիրել տալով երաժշտութիւնը։ Այս ալ ապրելու ինքնուրոյն եղանակ մըն է։ Սարգիսը նոյնքան հետաքրքրուած է ազգային հարցերով։

Յանկարծ զանգեց Սուրիոյ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ՝ Միրիաթեան հոգեւոր տէրը: Արկածի օրերուս Հռոմ ըլլալով, նոր վերադարձած էր ու խոստացաւ առողջութեանս համար աղօթել։ Ազգին նուիրուած կրօնաւոր մըն է։ Զինք ճանչցած եմ Հռոմի իր ուսանողական օրերուն ու մեր բարեկամութիւնը կը շարունակվի առ այսօր:

Մեր արաբ հարեւանին իրական անունը Ահմատ Ղաննում է, բայց տրուած ըլլալով, որ արաբներուն քով սովորութիւն է իրենց անդրանիկ զաւակին անունով կոչուիլ, զինք կը կանչեն Ապու Պաշշար, որ հայերէնով թարգմանի՝ Աւետիսի հայր:

Երէկ մեր տան խոհանոցէն մէջ անհաճոյ երեւոյթ մը պարզուած էր։ Լուացարանի խողովակները իրենց ապրելու շրջանը սպառած ըլլալով, խոհանոցը ողողուած էր ջուրերով։ Եկաւ այս արաբ բարեկամս մեր տուն ու անմիջապէս մեկնեցաւ քաղաք եւ համապատասխան արհեստաւորին դիմելով, մաքրագործեց ամէն ինչ։ Ահա այս է բարեկամութիւնը։

Արամ Աեփէթճեանը լուր մը տուաւ ինծի, ուրախացայ ճիշդը: Լուրը Զարթօնք թերթի վերահրատարակման մասին էր։ Հայերէն թերթի մը հրատարակութիւնը ուրախութիւն կը պարգեւէ ինծի, իսկ փակումը՝ կարծես 10.000 հոգի գնդակահարուած ըլլան:

Երեւանէն նոր կանչ: Խօսողը բեմադրիչ Նիկողայոս Ծատուրեանին տիկինն էր՝ Սեդան։ Երբ Նիկողայոս ըսեմ, կը յիշեմ Վարդան Աճէմեանը, որովհետեւ Նիկողայոսը անոր հասցուցած աշակերտներէն