Էջ:Ռուբէն Սեւակի վերադարձը Հայաստան՝ Սուրբ Էջմիածին, Թորոս Թորանեան.djvu/3

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Համարեայ կէս դար առաջ բախտաւոր օր մը, երբ կը

       գտնուէի Ֆրանսա որպէս այցելու իմանալով որ Նիսի մէջ ար-
       դէն իր դռները լայն բացած էր Ռուբէն Սեւակի անունը կրող
       թանգարանը, փութացի հասնիլ Նիս, գտնուելու եւ ուրախա-
       նալու համար, որովհետեւ տուեալ թագարանին լոյսին գալը
       պատասխան մըն էր օսմանցիներու սեւագոյն գործին՝ հայոց
       ցեղասպանութեան։
         Այդ օրերուն բարեդէպ նորութիւն էր նաեւ հայ հանրահռ-
       չակ գեղանկարիչ Գառգուին Նիս գտնուիլը, որուն միանալով
       ժամադրութեամբ մը թանգարանի հիմնադիր Յովհաննէս Չի-
       լինկիրեանին հետ ուրախութեամբ եւ երկիւղածութեամբ
       մտանք այս հրաշք թանգարանէն ներս։
         Մեր ուրախանալը քիչ էր թանգարանի բուն պարունակու-
       թեան համար՝ երբ հոն գտանք նաեւ երկուհարիւրէ աւելի գե-
       ղանկարներ, նուիրուած մարտիրոսացած բանաստեղծի յի–
       շատակին։
         Կանգ առինք հայոց մեծագոյն ծովանկարիչ Յովհաննէս
       Այվազովսկիի մէկ լայնշի պաստառին առջեւ, ուր նկարուե-
       ցանք ներկաներու հետ։
          Այսօր 2016 թ.–ի Ապրիլի 4-ին, մեր այդ այցելութիւնը վե-
       րանկարագրել ճշգրտութեամբ դիւրին գործ մը չէ։ Կարծէք
       յուշին տարապայման ջերմութիւնը դողերոցքով մը կը փշա-
       քաղէ մեր մարմինը։
         Բայց նոյն այդ յուշէն աւելի՝ մեզ կրկնակի, եռակիօրէն կու՛-
       րախացնե այն իրողութիւնը, որ Յովհաննես Չիլինկիրեանը,
       նահատակ բանաստեղծի եղբօրորդին, նոյն Նիսի թանգարա-
       նի ողջ պարունակութիւնը սիրայօժար կերպով ուզած է նուի-
       րել Հայաստանին ի սուրբ էջմիածին՝ յուրախութիւն Ամենայն
       Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին երկրորդի, որ մեծ սիրով ընդու-
       նած է Յովհաննէս Չիլինկիրեանի առաջարկը՝ որպէսզի Նիսի


                                  3