Jump to content

Էջ:Ռուբէն Սեւակի վերադարձը Հայաստան՝ Սուրբ Էջմիածին, Թորոս Թորանեան.djvu/4

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված չէ

Ռուբէն Սեւակի թանգարանը Փոխադրուի սուրբ էջմիածին։

        Այս հիանալի հանգրուանը ՎեհաՓառի որոշումին կը հետեւի։
          Նիսէն` յարգարժան Յովհաննէս Չիլինկիրեանէն հեռախօ-
        սազանգ մը կը ստանամ.
         -«Այցելեցի՞ք Ռուբէն Սեւակի թանգարանը, որ հւսնգրուա-
        նած է սուրբ Էջմիածին»։
         -«Շուտով պիտի այցելեմ, այցելութիւն մըն ալ պիտի տամ
        նահատակ բանաստեղծի անուան դպրոցին որ կանգնած Է
        Երեւանի մէկ բարձունքին, գրագէտին մէկ կիսանդրիով հանդ-
        րեձ»։
          -«Կը սպասեմ լսել տպաւորութիւններեդ...»։
          -«Սիրով պրն. Չիլինկիրեան»։
          Անցան քանի մը օրեր, դարձեալ գանգ մը՝ այս անգամ Ե-
        րեւանէն.
          -«Ես Յարութիւն Նազարէթեանն եմ, Յովհաննէս Չիլինկի-
        րեանի, եւ անոր Ժնեւի Փեսային կողմէ նշանակուած եմ ձեզ
        տանելու սուրբ էջմիածին, որպէսզի դիտէք Ռուբէն Սեւակի ա-
        նունը կրող թանգարանի մեծարժէք գործերը»։
          -«ժամադրուինք...»
          -«Պատրաստ եմ»։
          -«Ես նոյնպէս»։
        Կը մեկնինք։ Օդը պայծառ է՝ թէեւ Մարտը կը զգացնէ իր
        ցուրտը։
          Արդէն ժամադրութիւն մըն ալ առնուած է քահանայ հօր մը
        հետ, որ մեզ ընդունի եւ առաջնորդէ։
          Քահանայ հայրը տէր Սեւակ, որ իր քառասունը կը բոլորէ՝
        վանքին մէջ սիրով կ՛ընդունի մեզ։
          Թանգարանի դրան առջեւն ենք։ Եռոտանիի մը վրայ
        ֆրանսերէն ու հայերէն մակագրութիւն մը՝ «Թանգարան Ռու–
        բէն Սեւակի»։


                                  4